2016-10-05 10:30:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Միակ Ճիշդ Խօսքը՝ «Ես Եմ»

Ճշմարտութիւնը յայտնելու առաքինի կեցուածքին ճիշդ հակառակն է ստախօսութիւնը, որ ո՛չ միայն ճշմարտութենէն հեռացումն է սոսկ, այլ՝ ատոր խեղաթիւրումն իսկ: Սուտը հնարելու վարպետները այնքան վտանգաւոր լարերու վրայէն կը քալեն, որ իրենց վար իյնալու անապահովութենէն բացի, ուրիշներու ալ անկումին պատճառ կը դառնան անգթաբար:
ստախօսները կարելի է բաժնել ու վերածել քանի մը խումբերու եւ տեսակներու

ա. ծրագրուած ստախօսներ,

բ. սովորութենական ստախօսներ,

գ. պատահական ստախօսներ:

Ծրագրուած ստախօսներ ըսելով կը հասկնանք «սատանայէն աւելի կանուխ ծնած» մարդիկը: Սա է անոնց համար տրուած ժողովրդային կոչումը: Ընկերային կեանքի վերիվայրումներու հեղինակներն են ասոնք, որոնց հիմնական նպատակը մարդկային փոխ-յարաբերական կեանքի մէջ դժուարութիւններ յարուցելն է, որուն համար ամէնէն «գործնական» ու «ազդու» միջոց իբրեւ անոնք կ՛օգտագործեն սուտը: Ճի՛շդ է, որ ըսուած է թէ՝ «սուտը երկար կեանք չունենար», այո՛, սակայն իր կարճ կեանքին ընթացքին եւս կը յաջողի որոշ քանդումներ կատարել, եթէ ո՛չ ամբողջական, գէթ՝ մասնակի: «Սատանայէն աւելի կանուխ ծնած» կը կոչուին ասոնք, որովհետեւ չարի հօր նման կանխամտածուած քայլերով կը շարժին, իրենց մատնահետքերը չթողելու ճարտարութիւն ալ գործադրելով:
Սովորութենական ստախօսները պարզապէս իրենց վաղ տարիքին, իրենց մեծերէն՝ տան անդամներէն սորված վատ սովորութիւնն է որ կը կիրարկեն, անգիտակից հաճոյք ալ զգալով իրենց հնարած սուտերէն: Սովորութենական ստախօսները տեսակ մը յիմարներ են, որոնք թութակաբար կը շարունակեն չորս անգամ կրկնել իրենց խօսած մէկ սուտը, իսկ չորրորդին՝ արդէն իրե՛նք կը սկսին հաւատալ իրենց ըսածին: Ասոնց տուած հարուածը մահացու չըլլար, սակայն դարձեալ կը վիրաւորէ ու կը ցաւցնէ մեզ: Ներումի կ՛արժանանան ասոնք երբեմն, սակայն չե՛ն դադրիր իրենց վատ ունակութիւնը շարունակելէ, որովհետեւ անուղղաներ են պարզապէս, ու անոնց վրայ աշխատանք տանիլը՝ ի զուր է:
Երրորդ մակարդակի վրայ կը գտնուին պատահական ստախօսները: Ասոնք պահուան դիմաց կեցուածք որդեգրող մարդիկ են, որոնք ըստ պահանջի սուտ կը խօսին: Անոնք դիտում չունին՝ անպայման վնաս հասցնելու մէկուն, սակայն «իրենց կաշին փրկել»ու համար պատրաստ են սուտ խօսելու, դուրս գալու համար իրենց անձին սպառնացող ստոյգ վտանգէ:
Երեք տեսակի ստախօսներուն մէջէն եթէ ամէնէն վտանգաւոր տեսակը առաջինն է ու ամէնէն տկարը՝ երրորդը, միջին մասը գրաւող տեսակը կը մնայ ամէնէն ծիծաղելին: Ասոնց բերնէն ճիշդ խօսք մը կը լսուի այն ատեն միայն, երբ սուտ մը չգտնեն խօսելիք… Ահա թէ ինչո՛ւ ծիծաղելի են այդպիսի անձեր: Լսողներն ալ, երբ տեսնեն, թէ ճիշդ խօսք մը դուրս եկաւ այսպիսի մարդոցմէ մէկուն բերնէն, շուտով կ՛ըսեն.
_ Կ՛երեւի սուտ մը չի՛ գտաւ խօսելիք եւ ստիպողաբար ճիշդ խօսք մը ըսաւ:
Այս տեսակ ստախօսները նաեւ մէկ տեղ ճիշդ կը խօսին. երբ դուռդ թակեն ու ներսէն հարցնես թէ՝ «ո՞վ է», անոնք կը պատասխանեն «Ե՛ս եմ»: Սա կ՛ըլլայ անոնց բերնէն դուրս թռած միակ ճիշդ խօսքը…
Եթէ ճշմարտախօսին դիմագիծը նկարիչներ կրնան գծել, սակայն ստախօսին ճշգրիտ դիմագիծը ուրուագծել շատ դժուար է: Անոնք անկերպարան անձեր ըլլալով, չունին դիմաստուե՛ր իսկ, որուն շուքին հետեւելով, գեղանկարչական որոշ ենթադրութիւններ կարելի ըլլայ կատարել անոնց ինքնութեան մասին:
Շատեր իրենց ձայնն ալ կը կեղծեն ու քեզ վնասելու համար դարանակալ կը սպասեն տանդ դրան առջեւ: «Կարմիր գլխարկիկ»ին պատմութիւնը բոլորս ալ կարդացած ենք մեր մանկութեան օրերուն, տարբեր լեզուներով, եւ «վատ յուշեր» ունինք մեծ մայրիկին ձայնը կեղծող եւ անոր հագուստները հագնելով անկողին մտած տխեղծ գայլէն…
Ուրեմն, սովորութենական ստախօսներուն ստեղծած անբնական կացութենէն զգուշանալու ամէնէն լաւ կերպը, նոյնիսկ անոնց ամէնէն ճիշդ խօսքին՝ «ե՛ս եմ»ին կարեւորութիւն չի տալն է: Այլապէս այդ միակ «ճշմարիտ» խօսքով ալ կրնան ծուղակ մը լարել ու քեզ առաջնորդել դէպի անկում:
Ինչքան սիրելի է ճշմարտախօսը՝ նոյնքան ատելի է ստախօսը, որուն անունը, հանգամանքը, ունեցած հարստութիւնը կամ ապրած չքաւորութիւնը հաւասարապէս խոցելի են, ու նոյնպէս ճշմարտութեան չե՛ն համապատասխաներ…

 








All the contents on this site are copyrighted ©.