2016-10-05 12:01:00

Հալէպի մանուկներուն խաղաղութեան ի սպաս աղօթքը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 6 հոկտեմբեր 2016-ին, Սուրիոյ Հալէպի մանուկները` քրիստոնեայ եւ մահմետական, պիտի համախմբուին, միասնաբար հայցելու համար իրենց քաղաքի ու համայն Սուրիոյ մէջ պատերազմի ու բռնութեան դադրեցումը, ինչպէս նաեւ անմեղներու դէմ գործադրուած դաժանութեան ու ջարդի աւարտը։

Ձեռնակը որ առաջարկուած է Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան հայրերու կողմէ, պիտի համախմբէ քրիստոնեայ եւ իսլամ դպրոցական երախաները որոնք ապա պիտի ստորագրեն կոչ մը ուղղուած աշխարհի հզօրներուն որուն մէջ պիտի խնդրեն վերջ դնել կոտորածին որ կը հարուածէ յատկապէս մանուկներն ու անմեղները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.