2016-10-05 11:06:00

Լուտերական եւ կաթողկիէ եկեղեցիներու եպիսկոպոսներու միասնական յայտարարութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Լուտերական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու եպիսկոպոսները հրապարակած են  միասնական յայտարարութիւն մը  հայող Ֆրանչիսկոս Պապի յառաջիկայ 31 հոկտեմբեր 2016-ին, Շուէտ կատարելիք հովուական այցելութեան , ուր Սրբազան Հայրը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լուտերական բաերնորոգեալ եկեղեցւոյ 500 ամեակի  տօնախմբութեան։

Միասնական յայտարարութեան մէջ  նշուած է . Համամիութենական ուղիին վրայ տակաւին կան խոչընդոտներ, սակայն՝ մեր մաղթանքն է, որ Ֆրանչիսկոս Պապի Շուէտ այցելութիւնը աշխուժացնէ համամիութենական աշխատանքը եւ շնորհէ քաջալերանքի եւ յոյսի նշաններ համայն աշխարհին։

Միասնական յայտարարութիւնը ստորագրած են Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ Սթոքհոլմի թեմի եպիսկոպոս` Գերապայծառ Անտերս Արպորելիուս, իսկ Լուտերական եկեղեցւոյ կողմէ Շուէտի Արքեպիսկոպոս` Անթժ Ժաքելեն, համարելով Նորին Սրբութեան Շուէտ այցելութիւնը պատմական դէպք։

Յայտնենք, թէ 31 հոկտեմբեր 2016-ին, Լուտերական բարենորոգեալ եկեղեցւոյ   500 ամեակի նշման օրը, առաջին անգամուայ համար Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ համաշխարհային Լուտերական դաշնակցութիւնը միասնաբար պիտի նշեն եկեղեցւոյ բարեկարգումը։

Միասնական յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ,   Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը  շօշափելի արդիւնքն է  50 տարիներու՝   կաթողիկէ եւ Լուտերական եկեղեցւոյ միջեւ կայացած երկխօսութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.