2016-10-04 15:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ Իտալիոյ երկրաշարժի թիրախ գիւղաքաղաքներն ու բնակչութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 4 հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան 9.10 անց, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ժամանեց Իտալիոյ Ռիեթի նահանգի մէջ գտնուող Ամաթրիչէ գիւղաքաղաքը որ անցեալ օգոստոսին, այլ մօտակայ գիւղերու հետ միասին թիրախ դարձած էր ահաւոր երկրաշարժի մը որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր ու աւերներ ու տեղահանութեան մատնեց հարիւրաւոր ընտանիքներ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կ՛ընկերանար Ռիեթիի եպիսկոպոս` գերապայծառ Տոմենիքօ Փոմփիլի։ Նորին Սրբութիւնը նախ այցելեց Աամթրիչէի նորակառոյց դպրոցը, ուր հանդիպում ունեցաւ ուսուցիչներու ու աշակերտութեան հետ,  ապա փոխադրուեցաւ գիւղաքաղաքի ''կարմիր գօտիի'' շրջան որ ապահովութեան համար փակ է հանրութեան, մօտէն ականատես ըլլալու համար աւերներուն։

Դպրոցին մէջ մանուկները Սրբազան Քահանայապետին նուիրեցին գծագրութիւններ որոնք կը պատկերացնեն իրենց տխուր յիշատակները մինչ դպրոցի բակին մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ եւ ողջագուրեց այնտեղ համախմբուած հասարակութիւնը ու անոնց ուղղած սրտաբուխ խօսքին մէջ ըսաւ.

''Այդ ցաւալի օրերուն սկիզբը մտածեցի թէ իմ այցելութիւնս աւելի ''խոչընդոտ'' էր քան օժանդակութիւն եւ չէի ուզէր խանգարումներ ստեղծել, ասոր համար սպասեցի որ քիչ ժամանակ անցնի ու մի քանի բաներ կարգի դրուին, Ինչպէս դպրոցը։ Սակայն  առաջին վայրկեանէն իսկ իղձ ունէի ձեր մօտ գալ։ Պարզապէս ձեզի ըսելու թէ ձեզի մօտիկ եմ, ոչ աւելի, ապա կ՛աղօթեմ, կ՛աղօթեմ ձեզի համար։ Մօտիկութիւն ու աղօթք այս է իմ նուէրս ձեզի։ Թոր Տէրը օրհնէ ձեզ բոլորդ ու Տիրամայրը պահապան կանգնի այս տխուր ու ցաւալի պահերու ընթացքին։

Նորին Սրբութիւնը ապա ներկաներուն շնորհեց իր օրհնութիւնը ու հրաւիրեց միասնաբար աղօթել Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը, հուսկ խրախուսեց յառաջ ընդանալ, որովհետեւ միշտ ապագայ մը կայ։ Շատ մը սիրելիներ մեզ թողուցին եւ ինկան այս աւերներու տակ։ Աղօթենք Տիրամօր, Միասնաբար։ Միշտ յառաջ նայինք։ Քաջութիւն, յառաջ, եւ օգնենք մէկը միւսին։ Միասին քալելը աւելի հեշտ է, եթէ մինակ ենք յառաջ չենք երթար։ Շնորհակալութիւն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա կէսօրուան ճաշը բաժնեկցեցաւ ''Սան Ռաֆֆայելէ Պորպոնա'' անուան խնամակալութեան մէջ երկրաշարժի բերումով տեղահան եղած ու այնտեղ ապաստան գտած 60 տարեցներու հետ։ Մինչ յետմիջօրէին այցելեց Աքումոլի գիւղաքաղաքը ապա ուղղուեցաւ Փեսքարա Տէլ Թրոնթօ եւ Արքուաթա Տէլ Թրոնթօ այնտեղ եւս մխիթարութիւն եւ սփոփանք տանելու տեղահան բնակչութեան։

Երկրաշարժի թիրախ բնակչութեան ուղղած խօսքին մէջ­­, Նորին Սրբութիւնը անոնց յայտնեց թէ ուզեց իրենց մօտիկ ըլլալ իրենց ըսելու համար թէ զիրենք կը կրէ իր սրտին մէջ, ու տեղեակ է անոնց կրած տառապանքէն ու անոնց անձկութիւններէն ու տեղեակ է նաեւ մեռեալներէն­, ''որոնք ձեր հետ են'' ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց միասնաբար աղօթել Տիրոջ որպէսզի զիրենք օրհնէ։ ''Աղօթենք նաեւ ձեր սիրելիներուն համար որոնք այնտեղ մնացին (աւերներու տակ) ու այժմ կը գտնուին երկնքի մէջ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը արտասանեց ու ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը, որմէ ետք խրախուսեց քաջութիւն ունենալ ու միշտ դէպի յառաջ երթալ։
''Ժամանակները պիտի փոխուին ու կարելի պիտի ըլլայ յառաջ երթալ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ աւելցուց ''ես ձեզի մօտ եմ. ես ձեր հետն եմ''։ 

Յայտնենք թէ Պաքուէն դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը լրագրողներուն յայտնած է թէ մտադրած էր առանձնական այցելութեամբ այցելել Ամաթրիչէն  որպէս քահանայ, որպէս եպիսկոպոս, եւ որպէս Քահանայապետ։ Մինակ կ՛ուզեմ այցելել զայն, ըսած էր Սրբազան Պապը, փափաք յայտնելով մօտիկ ըլլալ բնակչութեան։

Անցեալ 28 օգոստոսի Մարեմեան աղօթքին ընթացքին եւս­ Սրբազան Քահանայապետը իր հոգեւոր մօտիկութիւնը յայտնած էր Լացիոյի, Մարքէի եւ Ումպրիա նահանգներու բնակչութեան­, որոնք այդ օրերուն ծանրապէս վնասուած էին երկրաշարժէն։ Յատուկէն կը մտաբերեմ Աամթրիչէ, Աքքումուլի, Արքուաթա եւ Փեսքարա Տէլ Թրոնթօ ու Նորչիայի ժողովուրդը։  Անգամ մը եւս այդ սիրելի բնակիչներուն կ՛ըսեմ որ Եկեղեցին կը կիսէ անոնց ցաւերն ու անոնց մտահոգութիւնները։  

''Աղօթենք մեռեալներուն ու վերապրողներուն համար, հրաւէր ուղղած էր Քահանայապետը, ու յայտնած էր թէ ''հազիւ կարելի է կը յուսամ ձեր մօտ գալ, ձեզի անձնապէս բերելու հաւատքի մխիթարութիւնը, հօր ու եղբօր ողջագուրումը եւ քրիստոնէական յոյսի աջակցութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.