2016-10-04 10:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Հռոմի Մարիա Մաճճորէ տաճար


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 3 հոկտեմբերի երեկոյեան, Ֆրանչիսկսո Սրբազան Քահանայապետը սովորութեան համաձայն,  միջազգային առաքելական ճամբորդութենէ ետք այցելեց Հռոմի Մարիա Մաճորէ տաճար,  Տիրամօր շնորհակալութիւնը յայտնելու Վրաստան . Ազրպէյճան կատարած առաքելական այցելութեան համար։

Տիրամօր նուիրուած տաճարին մէջ Նորին Սրբութիւնը աղօթեց Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ։

Վերոյիշեալ այցելութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապին  Քահանայապետ ընտրուելէն ետք  41-րդ այցելութիւնն է  Հռոմի Մարիա Մաճորէ տաճար։








All the contents on this site are copyrighted ©.