2016-10-04 09:49:00

Քոլոմպիացի քուէարկողները մերժեցին երկրին մէջ խաղաղութեան պատմական համաձայնագիրը


Քոլոպիացի 13 միլիոն քուէարկողները 49,8 առ հարիւր թեր եւ 50,2 առ հարիւր դէմ քուէներով մերժեցին Քոլոմպիոյ իշխանութիւններուն եւ Քոլոմպիոյ յեղափոխական զինեալ ուժերուն միջեւ 27 սեպտեմբերին ստորագրուած, 52-ամեայ քաղաքացիական պատերազմին վերջ դնող պատմական համաձայնագիրը: «Ոչ»-ը յաղթանակ արձանագրեց 63 հազար քուէներու առաւելութեամբ:

Համաձայնութեան քննադատները կը յայտնեն, որ համաձայնութիւնը շատ մեղմ է Քոլոմպիոյ յեղափոխական զինեալ ուժերուն նկատմամբ: «Ոչ»-ի ճամբարի ղեկավար, Քոլոմպիոյ նախկին նախագահ Ալվարօ Ուրիպէ յայտնեց, որ բոլոր քոլոմպիացիները կ՛ուզեն խաղաղութիւն, սակայն համաձայնութիւնը «սրբագրումներու» կը կարօտի:

Քոլոմպիոյ նախագահ Խուան Մանուէլ Սանթոս յայտնեց, որ կ՛ընդունի արդիւնքը` աւելցնելով, որ զինադուլը կը մնայ ի զօրու: Ան բանագնացներուն հրամայեց մեկնիլ Քուպա` յաջորդ քայլին շուրջ խորհրդակցելու համար Քոլոմպիոյ յեղափոխական զինեալ ուժերու ղեկավարներուն հետ:

Վերջինիս ղեկավար Թիմոլէոն Խիմենեզ, որ ծանօթ է Թիմոչենքօ անունով, յայտնեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան պատերազմին աւարտի մը ապահովման:








All the contents on this site are copyrighted ©.