2016-10-04 11:25:00

Միջերկրական ծովուն վրայ փրկած են շուրջ 6000 ներգաղթեալ


Երկուշաբթի Միջերկրական ծովուն վրայ փրկած են աւելի քան 6000 ներգաղթեալ: Այս մասին կը հաղորդէ France Press գործակալութիւնը` յղում կատարելով Իտալիոյ առափնեայ պահպանութեան ծառայութեան:

Նախապէս հաղորդուած էր Լիպիայի ափերուն մօտ շուրջ 5600 մարդու կեանք փրկելու մասին:

Իտալիոյ առափնեայ ծառայութիւնը յայտարարած է, որ ներգաղթեալները փորձած են հասնիլ Եւրոպայի ափերուն 40 լաստերով: Անոնցմէ մէկուն վրայ եղած 725 մարդ: Օրուան ընթացքին փրկուած է 6055 մարդու կեանք:

Հաղորդագրութեան համաձայն` մահացած է ինը ներգաղթեալ, իսկ յղի կնոջ մը եւ անոր փոքրիկը կրցած են ուղղաթիռով հասցնել Լամբետուզա կղզիին հիւանդանոցը:

Իտալիա ներթափանցել փորձող ներգաղթեալներուն մեծ մասը նայճիրիացիներ են, էրիթրէացիներ եւ Պանկլատեշի քաղաքացիներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.