2016-10-04 10:10:00

Հայ ինքնութեան մասին գիտաժողով


«Հրանդ Տինք» հիմնարկի եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութեան միատեղ կազմակերպութեամբ Պոլսոյ մէջ կը կայանայ «Հայկական ինքնութեան քննական մօտեցումներ Ա. դարուն, խոցելիութիւն, առաձգականութիւն եւ փոխակերպութիւն» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովը: 7 եւ 8 Հոկտեմբեր թուականներուն, «Անարատ Յղութիւն» շէնքին մէջ կայանալիք գիտաժողովին իրենց զեկոյցներով կը մասնակցին Թուրքիայէն, Հայաստանէն եւ Հայկական Սփիւռքէն աւելի քան 40 մասնագէտներ։ Ժողովի բացման խօսքը պիտի արտասանեն «Հրանդ Տինք» հիմնարկին անունով Ռաքէլ Տինք եւ Համազգայինի անունով՝ Մկրտիչ Մկրտիչեան։ Իսկ բացման զեկոյցը կը ներկայացնէ Խաչիկ Թէօլէօլեան։ Երկու օրերու տեւողութեամբ պիտի կայանան տասը նիստեր, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին հայ ինքնութեան մերօրեայ բազմաբնոյթ խնդիրները: Այս ծիրէն ներս ատենախօսներ նիւթ պիտի ունենան Լիբանանի, Թուրքիոյ, Ֆրան-սայի, Ամերիկայի, Ռումինիոյ, Հալէպի, Թիֆիլիսի, Տէրսիմի, Համշէնի, Հարաւային Յորդանանի օրինակները։ Հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն ներկայացուած զեկոյցները պիտի թարգմանուին երեք լեզուներով:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.