2016-10-04 11:43:00

Երիտասարդութեան Օր Ինտոնեզիայի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) 2600 երիտասարդներ, Ինտոնեզիայի զանազան կողմերէն, հաւաքուած են Մանատօ քաղաքին մէջ, Ինտոնեզիայի Երիտասարդութեան երկրորդ օրուան առիթով, որուն տիտղոսն է “Աւետարանի ուրախութիւնը Ինտոնեզիոյ բազմազան ընկերութեան մէջ”։

Երիտասարդները կու գան 37 տարբեր թեմերէ։ Ներկայ են նաեւ երկու արտերկրեայ պատուիրակութիւններ՝ Քոթա Քինապալույէն (Մալայզիա) եւ Արեւելեան Թիմորէն, որ տոկոսային մեծագոյն կաթողիկէ զանգուածն է Ասիոյ մէջ։

Հանդիպումը բնորոշուած է հիւրընկալման եւ միութեան ոգիով, որ կ՛իրականանայ բազմազանութեան մէջ։ Շեշտելու համար հիւրընկալութեան հոգին, մասնակցող հազարաւոր երիտասարդները անվճար կերպով կ’ օթեւանին տեղական քրիստոնեայ կամ իսլամ ընտանիքներու մօտ։

Ըստ Մանատոյի եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Թէոտորուս Սուվաթանի, հանդիպման ծրագիրը կը բովանդակէ աղօթք եւ մտածական։

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 4ին, հանդիպման չորրորդ օրը, պիտի կատարուին դասախօսութիւններ, քրիստոնէականի ուսուցում, թափօրներ եւ վկայութիւններու բաժնեկցում։








All the contents on this site are copyrighted ©.