2016-10-04 10:30:00

Արամ Ա. կաթողիկոսի հանդիպումը Հիւսիսային Ամերիկայի երիտասարդութեան հետ


Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ժամանեց Լոս Անճելըս, հանդիսապետելու համար իր ընտրութեան եւ գահակալութեան 20ամեակի տօնախմբութիւններուն։ Վեհափառին կ՛ընկերանան կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական եւ լրատուական բաժանմունքներու վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան եւ Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ եւ գաւազանակիր Պետրոս վրդ. Մանուէլեան։ Վեհափառը օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, թեմին մէջ ծառայող Կիլիկեան Աթոռի միաբանութեան անդամներուն, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Խաժակ Տիքիճեանի եւ Վահէ Եագուպեանի, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Ազգ. վարչութեան անդամներուն կողմէ։

Ուրբաթ առաւօտուն, վեհափառը եւ իր շքախումբը ժամանեցին Ազգային առաջնորդարան, ընկերակցութեամբ առաջնորդին եւ միաբան հայրերու։ Առաջնորդարանի մուտքին, շքախումբը դիմաւորուեցաւ թեմի միաբան հայրերուն եւ հոգեւորականաց դասուն կողմէ, գլխաւորութեամբ՝ Եփրեմ արք. Թապագեանի: Ներկայ էին Ազգային վարչութեան եւ անձնակազմի անդամներ:

«Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ, վեհափառը առաջնորդուեցաւ «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռը, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք։ Այնուհետեւ, վեհափառը, առաջնորդին եւ հոգեւորականաց դասուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Ցեղասպանութեան Ս. նահատակներու 100ամեակի յուշակոթողը, ուր սրբոց նահատակաց բարեխօսութեան աղօթք արտասանեց եւ ապա օրհնեց թեմը: Առաջնորդը արտասանեց ողջոյնի խօսքը, բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհաւորեց կաթողիկոսը՝ իր գահակալութեան 20ամեակին առիթով։ Պահը աւարտեցաւ «Պահպանիչ »աղօթքով։

Վեհափառը Ազգ. առաջնորդարանի յարկին տակ մտերմիկ հանդիպումներ ունեցաւ առաջնորդին, հոգեւորականաց դասուն եւ Ազգ. վարչութեան անդամներուն հետ, եւ տուաւ իր պատգամն ու օրհնութիւնները։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին կազմակերպութեամբ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հովուապետական ծառայութեան 20ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն շարքը սկսաւ երիտասարդութեան հետ հանդիպումով, Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Սիվիք» կեդրոնին մէջ, Լոս Անճելըսի հայ դպրոցներու վարժարաններու ուսանողութեան, ՀՄԸՄի սկաուտներու, երիտասարդական միութիւններու եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու աւելի քան 1000 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ներկայութեամբ: Ներկայ էին նաեւ միաբան ու քահանայ հայրեր, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ու Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան անդամներ եւ գաղութի զանազան միութեանց ներկայացուցիչներ:

ՀՄԸՄի սկաուտներուն առաջնորդութեամբ, հայրապետական թափօրը մուտք գործեց հայ երիտասարդներով ողողուած սրահը: ՀՄԸՄի շեփորախումբը Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգները հնչեցուց, որմէ ետք կատարուեցաւ բացման խօսքը: Ապա, հայ վարժարաններու, կիրակնօրեայ դպրոցներու, եկեղեցւոյ պատանեկան միութեանց ու ՀՄԸՄի ներկայացուցիչները իրենց խօսքերուն մէջ բարի գալուստ մաղթեցին կաթողիկոսին եւ վեր առին անոր առաջնորդի, ղեկավարի, միջեկեղեցական գործիչի, հայ մշակոյթի պահպանողի եւ Հայ Դատի պաշտպանի արժանիքները: Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց վեհափառին եւ բեմ հրաւիրեց զայն, որ իր հայրապետական խօսքը փոխանցէ:

Կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ շեշտեց, թէ մենք կը գիտակցինք ներկայ աշխարհի պարտադրած դժուարութիւններուն, սակայն ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները՝ մենք պարտաւորութիւնը ունինք հաւատարիմ մնալու մեր հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն: «Հայ լեզուն կարեւոր ազդակ մըն է մեր ինքնութեան պահպանման: Մեր դպրոցները, միութիւնները, բայց մանաւանդ՝ մեր ընտանիքնե՛րը ջատագովը պէտք է ըլլան մեր մայրենիին ու անոր պահպանման: Այս առումով, առանցքային է մեր ընտանիքներուն դերը», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս եւ գնահատեց Արեւմտեան թեմէն ներս գործող կազմակերպութիւնները, դպրոցներն ու միութիւնները, որոնք եկեղեցւոյ կողքին, լծուած են հայապահպանման ու ազգապահպանման նուիրական առաքելութեան:

Ապա, երիտասարդները կատարեցին քրիստոնէական դաստիարակութեան, ինքնութեան պահպանման, Սփիւռքէն ներս մեր եկեղեցւոյ դերակատարութեան, արդի արհեստագիտութեան, երիտասարդները ազգային-եկեղեցական կեանքին հետ կապուած պահելու դժուարութիւններուն եւ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին հետ առնչութիւն ունեցող հարցադրումներ, որոնց կաթողիկոսը տուաւ սպառիչ պատասխաններ:

Երիտասարդութեան հետ հանդիպման շահեկան երեկոն փակուեցաւ Հայրապետական օրհնութեամբ եւ «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ








All the contents on this site are copyrighted ©.