2016-10-03 11:50:00

Յիսուսեան Միաբանութեան 36-րդ ընդհանուր ժողովի բացման արարողութեան խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 2 հոկտեմբերին, կատարուեցաւ Յիսուսեան Միաբանութեան 36րդ Ընդհանուր Ժողովին բացումը։ Ժողովի մասնակցող 215 անդամներ համապատարագեցին Յիսուս անուան եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագին նախագահեց Դոմինիկեան միաբան Հայր Պրունօ Քատորէ։ Տարիներու ընթացքին հաստատուած սովորութեան մը համաձայն, Դոմինիկեաններու մեծաւորը կը հրաւիրուի կատարելու Յիսուսեան Միաբանութեան Ընդհանրական Մեծաւորի թաղումը։ Այս պարագային սակայն, ան հրաւիրուած էր նախագահելու Ընդհանուր ժողովի բացման Սուրբ Պատարագին։ Ընդհանուր ժողովը նախ պէտք է ընդունի ներկայ Ընդհանուր Մեծաւորի, Նիքոլասի հրաժարականը, եւ ապա անցնի քննարկելու միաբանութեան վիճակը եւ ընտրէ նոր Ընդհանրական Մեծաւորը։ Հ. Պրունօ Քատորէ, ներշնչուած օրուան ընթերցուածներէն, իր քարոզին մէջ ուշադրութեան յանձնեց առաքեալներուն՝ Յիսուսի ուղղած խնդրանքը՝ «Տէր, աւելցուր մեր հաւատքը»։ Այս կեցուածքը պէտք է որդեգրել ընդհանուր ժողովի սկզբնաւորութեան։ Այս կեցուածքը կարեւոր է նաեւ, որովհետեւ կʼօգնէ հասկնալ այն ճշմարտութիւնը՝ թէ նոյնիսկ եթէ անհաւատալիին կը ձգտինք, պէտք է ըսենք՝ «Պարզապէս ծառաներ ենք։ Կատարեցինք այն, ինչ որ պէտք է կատարէինք»։ Այս ժողովը պարտականութիւն ունի կոչ ուղղելու միաբանութեան, որ համարձակի քաջութեամբ դիմել «անկարելիին», կատարել զայն խոնարհութեամբ՝ ըստ աւետարանի հոգիին, այն գիտակցութեամբ՝ որ այս ծառայութեան մէջ, ուր մարդը կը դնէ իր ամբողջ ուժը՝ «ամէն ինչ կախեալ է Աստտուծմէ։» Քաջութիւնը՝ նկրտելու անկարելիին, եղած է հիմնադրին, Սուրբ Իգնատիոսի նկարագրական կէտը, երբ ան կը հիմնէր Յիսուսեան Միաբանութիւնը։ Կարելի՞ է տակաւին որդեգրել այդ կեցուածքը, ներկայի տագնապալի ժամանակներուն մէջ, երբ կʼունենանք բռնութեան փորձառութիւնը իր բազմաթիւ ձեւերեով։ Կարելի՞ է «այս քաջութիւնը լսելի դարձնել ձեր պարտականութիւններու, խօսքերու, զօրակցութեան միջոցաւ. Յիսուսի ձայնին միջոցաւ, որ կը խորտակէ մահը եւ կը հաստատէ կեանքը. Ան, զոր դուք կը փորձէք փառաւորել։» Այս կեցուածքը կարելի կը դառնայ միայն այն ժամանակ, երբ ան հաստատուն կերպով հիմնուած է Պօղոս Առաքեալի՝ Տիմոթէոսի ուղղած յորդորին վրայ՝ «Հետեւաբար, մի՛ վախնար մեր Տիրոջ համար վկայութիւն տալէ։ Ան որ փրկեց մեզ եւ հրաւիրեց մեզ իր սուրբ ժողովուրդը ըլլալու, ոչ թէ մեր արժանիքներուն համար, այլ համաձայն իր ծրագրին եւ այն շնորհքին, որ մեզի տրուած էր Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Այդ շնորհքը այժմ յայտնուեցաւ մեզի, մեր Փրկչի՝ Յիսուս Քրիստոսի երեւումով, որ խափանեց մահուան իշխանութիւնը եւ իր տուած աւետիսով յայտնեց անմահական կեանքը»։ (Բ. Տիմ Ա. 6-14) Քարոզի աւարտին Հայր Քատորէ կրկին շեշտեց, թէ առաքեալներու հաւատքը պէտք է քաջութեամբ բնորոշուած ըլլայ, միաժամանակ պէտք է ըլլայ խոնարհ ծառայի հաւատքը, ուրիշներու համար նուիրուած կեանքի մը հաւատքը։ Ինչի՞ կը ծառայէ այդ, հարց տուաւ Հայր Քատորէ եւ պատասխանելով, ըսաւ՝ «Խնճոյքի մը՝ մեղաւորներու խնճոյքի մը, ուր հրաւիրուած են կոյրեր, կաղեր, փարիսեցիներ եւ մաքսաւորներ, պոռնիկներ եւ բարի մարդիկ։ Ձեր Հիմնադիրը, Իգնատիոս, կʼաղօթէր՝ ʼՏէր Յիսուս, մեզի սորվեցուր ըլլալ առատաձեռն, քեզ սիրել այնպէս ինչպէս Դուն արժանի ես, տալ՝ առանց հաշուելու, պայքարիլ՝ առանց մտահոգուելու վէրքերով, աշխատիլ՝ առանց հանգիստ փնտռելու, նուիրուիլ՝ առանց ակնկալելու ուրիշ հատուցում՝ բայց միայն այն գիտակցութիւնը, որ քու Սուրբ կամքդ կը կատարենք։»








All the contents on this site are copyrighted ©.