2016-10-02 11:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքն ու պատգամը Պաքուի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Կիրակի 2 Հոկտեմբեր 2016-ին, Պաքուի Սալեզեաններու Անարատ Յղութեան անուան եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ, աւանդութեան համաձայն արտասանեց Կիրակնօրեայ  Մարեմեան աղօթքը, որուն սկիզբը գոհունակութիւն յայտնեց Աստուծոյ Իր կատարած հրաշալիքներուն համար հաստատելով թէ ''Հոս՝ հաւատքը,  հալածանքներէ տարիներն ետք, հրաշալիքները կատարեց'' ու յիշեց բազմաթիւ քրիստոնեաները. որոնք քաջութեամբ վստահեցան Տիրոջ ու հակառակ դժուարութիւններուն մնացին հաւատարիմ իրենց հաւատքին։

Ֆրանչիսկոս պապ մէջբերեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսքերը ''Պատիւ ձեզի որ հաւատացիք'' ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի պահապան կանգնի անոնց։

Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ ետք Սրբազան Քահանայապետը տուաւ իր առաքելական օրհնիոթիւնը որմէ ետք անպատրաստից սրտաբուխ խօսք մը  ուզեց ուղղել որուն մէջ բացատրեց թէ ինչու ժամանած է Ատրպէյճան։

''Շատեր կ՝ըսեն որ Պապը ժամանակ կը կորսնցնէ –ըսաւ Սրբազան պապը, Դուք երկու միլիոնաւոր ժողովուրդներու  700 հոգիէ բաղկացած փոքրիկ հասարակութիւն մըն էք

կազմուած զանազան լեզուներէ ու ցեղերէ կը կազմէք արուարձանի հասարակութիւն մը ու Պապը այս մէկը ընելով կը նմանի  Սուրբ Հոգիին, որ երուսաղեմի Վերնատան մէջ  իջաւ փոքիկ հասարակութեան մը վրայ, որոնք վախի մէջ ինքզինք հալածուած կը նկատէր։ Սուրբ Հոգին անոնց տուաւ քաջութիւն եւ ուժ յառաջ ընդանալու ու Յիսուսի անունը հռչակելու եւ այդ երուսաղեմի հասարակութեան դռները,  որոնք փակ էին վախի ու ամօթի մէջ կը գտնուէին,, կը բացուին ու այնտեղ կը բխի Սուրբ Հոգիին ուժը։

Քահանայապետը ժամանակ կը կորսնցնէ այնպէս ինչպէս  Սուրբ Հոգին կորսնցուց այդ ժամանակ։ Այդ հասարակութեան մէջ կային երկու անհրաժեշտ իրականութիւններ։ Այդ հասարակութեան ներքոյ ներկայ էր Մայրը։ ու Այդ հասարակութեան մէջ կար սէրը, եղբայրական սէրը զոր Սուրբ Հոգին զեղեց անոնց վրայ։ Քաջութիւն, յարատեւեցէք առանց վախի ըսաւ Նորին Սրբութիւն եզրափակելով իր խօսքը ու խրախուելով այդ փոքրիկ հօտը յառաջ ընդանալու անվախ։

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.