2016-10-02 15:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 2 հոկտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միջազգային 16-րդ առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, միօրեայ այցելութիւն տալով Ատրպէյճան, Պաքուի Հայտար Ալիեւ անուան կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ տեղական իշխանութիւններուն հետ ու այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ­, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ ուրախ է Ատրպէյճանը այցելելուն համար ու շնորհակալութիւն  յայտնեց Նախագահին իրեն ուղղած հրաւէրին համար։

''Այս երկիրը եկած եմ սրտիս մէջ ունենալով հիացմունքը անոր մշակոյթի հարստութեան ու բարդութեան նկատմամբ, որ է պտուղը բազմաթիւ ժողովուրդներու ներդրումներուն, որոնք պատմութեան հոլովոյթին բնակեցան այս հողերուն վրայ'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու ակնարկեց Ատրպէյճանի անկախութեան 25-րդ ամեակին որ պիտի տօնախմբուի յառաջիկայ 18 հոկտեմբերին եւ այս առընչութեամբ ընդգծեց վերջին տասնամեաներուն տեղի ունեցող  նուաճումները ու երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրները մատնանշելով այն ջանքերուն զոր կատարուած են ամրապնդելու համար իշխանութիւններու կառոյցները ու զարգացնելու երկրին տնտեսութիւնը։

''Գործընթացք մը որ պարտի յարատեւ ուշադրութիւն ցուցաբերել բոլորին ու յատկապէս տկարներուն'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու աւելցուց ''Ընթացք մը` որ կարելի է շնորհիւ ընկերութեան մը որ կը ճանչնայ բազմամշակոյթի օգուտները­, ինչպէս նաեւ մշակոյթներու փոխլրացումի անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ընկերութեան զանազան խաւերու միջեւ հաստատուի համագործակցութիւն ու փոխադարձ յարգանք''։

Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց ապա հարկաւորութիւնը որ ոտնակոխ չ՛ըլլան իրաւունքներն անոնց որոնք ունին տարբեր տեսողութիւն ու համոզումներ։

Իւրաքանչիւր ցեղային կամ գաղափարական պատկանելիութիւն­, այնպէս ինչպէս ամէն մէկ վաւերական կրօնային ուղեւորութիւն պէտք է բացառէ վերաբերմունքները եւ հասկացողութիւնները որոնք կը շահագործեն համոզումներն ու ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ անունը, ի շահ ճնշումի ու գերիշխանութեան իրենց դիտաւորութիւններուն։

''Յոյս կը յայտնեմ որ Ատրպէյճանը շարունակէ քալել տարբեր կրօնական դաւանքներու ու մշակոյթներու միջեւ համագործակցութեան ուղիին վրայ ու միշտ աւելիով ներդաշնակութիւնն ու խաղաղ համակեցութիւնը սնունդ դառնան Երկրին ընկերային ու քաղաքացիական կեանքին, բոլորին ապահովեցնելով կարելիութիւնը հասարակաց բարիքին ի սպաս ներդրում կատարելու ։ 

Աշխարհը կը փորձարկէ հակամարտութիւններու ողբերգութիւնը որոնք իրենց արմատները կը գտնեն  անհանդուրժողականութեան մէջ որ կը յառաջանայ բռնի գաղափարախօսութենէ ու տկարներուն իրաւունքներու գործնական ժխտումէ։ Այս վտանգաւոր շեղումները հակազդելու համար հարկաւոր է որ աճի խաղաղութեան մշակոյթը որ կը սնանի երկխօսութեան նկատմամբ անդադար տրամադրելիութենէ ու արդար եւ յարատեւ բանակցութենէ'' ըսաւ նորին Սրբութիւնը խրախուսելով զարգացնել նաեւ ''պետութիւններու միջեւ ներդաշնակութիւնը'' իմաստութեամբ ու քաջութեամբ քալելով այն ճանապարհին վրայ որ կը տանի դէպի ժողովուրդներու իսկական ազատութիւնը, բանալով նոր ուղիներ որոնք կը ձգտին երկարատեւ համաձայնութիւններու ու խաղաղութեան։ Այսպէսով կը խնայուին ծանր տառապանքները ու ցաւալի վէրքերը'' յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու ակնարկեց Ատրպէյճանի այն քաղաքացիներուն որոնք ստիպուած եղան թողուլ իրենց երկիրը ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք արիւնալի հակամարտութիւններու պատճառաւ կը տառապին, յոյս յայտնելով որ միջազգային հասարակութիւնը կարենայ  իր անհրաժեշտ օժանդակութիւն շնորհել այս ուղղութեամբ­, ապա կոչ ուղղեց ի սպաս շրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատումին, մաղթելով որ ''Աստուծոյ օգնութեամբ ու կողմերու բարի կամքի միջոցաւ, Կովկասը կարենայ դառնալ վայր` ուր երկխօսութեան ու բանակցութիւններու միջոցաւ, վէճերն ու հակառակութիւնները յաղթահարուին ու այս 'Արեւմուտքի եւ Արեւելիքի'' միջեւ դուռը` դառնայ դուռ մը բաց խաղաղութեան եւ օրինակ` լուծելու համար հին ու նոր հակամարտութիւններ։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա  Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայութեան որ կազմուած է մի քանի անդամներէ ու մատնանշեց մահմետական համայնքին հետ անոր ունեցած բարի յարաբերութիւններուն ու խօսքը եզրափակեց հաստատելով թէ իսկական կրօնի արժէքները անհամադրելի են այն փորձին հետ` ուրիշներու բանեցնելու անձնական տեսլականը` Աստուծոյ անունը գործածելով որպէս վահան։

Աստուծոյ մէջ հաւատքը թող ըլլայ աղբիւր եւ ներշնչում փոխադարձ հասկացողութեան ու յարգանքի` ինչպէս նաեւ փոխադարձ օգնութիւն` ի սպաս ընկերութեան հասարակաց բարիքին։

Աստուած ներդաշնակութեամբ օրհնէ Ատրպէյճանը, խաղաղութիւնն ու բարգաւաճումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.