2016-10-02 06:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ առաւ Վրաստանէն եւ ուղղուեցաւ Ատրպէյճան։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 2 հոկտեմբեր 2016-ին, Վրաստան կատարած հովուական ու համամիութենական բնոյթ ունեցող առաքելական այցելութիւնը աւարտելով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը տեղական ժամով առաւօտեան 7.10 անց (Հռոմի ժամով 5.10-ին) հրաժեշտ առաւ Թիֆլիսի առաքելական նուիրակութենէն եւ ուղղուեցաւ Թիֆլիսի միջազգային օդակայան ուր պաշտօնական հրաժեշտի արարողութեան աւարտին բարձրացաւ օդանաւ եւ ուղղուեցաւ Ատրպէյճան` ուր մէկ ժամ 20 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք` Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող ''Ալիթալիա'' ընկերութեան սաւառնակը վայրէջք կը կատարէ Պաքուի Հայտար Ալիեւ  անուան օդակայան,  տեղական ժամով 9.30-ին (Հռոմ -  7.30)։

Պաքուի օդակայանին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը դիմաւորուի Ատրպէյճանի փոխ Վարչապետին կողմէ եւ բարի գալուստի ''փրոթոքոլային'' արարողութենէն ետք Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղուի Պաքուի Սալեզեան Միաբանութեան կեդրոն ուր` Անարատ Յղութեան անուան եկեղեցւոյ մէջ  կը գլխաւորէ  Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը ի ներկայութեան 300 կաթողիկէ հաւատացեալներու։ 

Սուրբ Զոհի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ապա իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն հետ  կէսօրուայ  ճաշի հիւրը կը հանդիսանայ Սալեզեան միաբանութեան հայրերուն ։

Յետմիջօրէին, տեղական ժամով 15.30-ին (Հռոմ 13.30) Ֆրանչիսկոս Պապ  պաշտօնական այցելութիւն կու տայ Նախագահական պալատ­, ուր նախատեսուած է հանդիպում Ատրպէյճանի նախագահին հետ  որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը ''փրոթոքոլային'' արարողակարգի համաձայն կ՛ուղղուի ''անկախութեան համար զոհուածներու'' յուշարձան­,  որմէ ետք կը փոխադրուի Հայտար Ալիեւ կեդրոն, ուր տեղական ժամով  երեկոյեան 5-ին, նախատեսուած է հանդիպում երկրին պետական իշխանութիւններուն հետ, որուն ընթացքին նախատեսուած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ճառը։ Հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ու իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը կ՛ուղղուին Պաքուի Հայտար Ալիեւ մզկիթ` ուր Սրբազան Պապը առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ  երկրին Իմամին հետ ու նոյն վայրին մէջ կը մասնակցի Միջ կրօնական հանդիպումին որուն ընթացքին  ներկաներուն կ՛ուղղէ  իր խօսքը։ 

Վերոնշեալ հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի Պաքուի միջազգային օդակայան, վերջ տալով Ատրպէյճան կատարած մի քանի ժամուայ այցելութեան ու հրաժեշտ առնելով կը մեկնի  դէպի Հռոմ ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 10-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.