2016-10-01 09:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալական խօսքը Վրաստանի Կաթողիկէ համայնքներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 1 հոկտեմբեր 2016-ին, Թիֆլիսի Մեսխի մարզադաշտին մէջ գլխաւորած սուրբ պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը  յատուկ խօսքով շնորհակալութիւն յայտնել Վրաստանի Կաթողիկէ հմայքներուն ու քրիստոնեայ հասարակութիւններուն։

''Շնորհակալ եմ Գերապայծառ Փազոթթոյին որ Լատին, Հայ Կաթողիկէ, ու Քաղդէացի հմայքներու անունով ինծի ուղղած խօսքերուն։ Կ՛ողջունեմ Սաքօ Պատրիարքը, Գերապայծառ Միասեանը ու բոլոր անոնք որոնք մօտիկ Հայաստանէն ժամանեցին ու ձեզ բոլորդ սիրելի հաւատացեալներ, որ Վրաստանի զանազան վայրերէն եկած էք։

Շնորհակալ եմ իշխանութիւններուն, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սիրելի բարեկամներուն ու այլ քրիստոնեայ դաւանանքներու ներկայացուցիչներուն  որոնք այստեղ կը գտնուին, ու յատկապէս Վրացական Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն` որոնք մեզ կը պատուեն իրենց ներկայութեամբ։

Մինչ կը խնդրեմ որ բարեհաճիք աղօթել ինծի համար, կը վստահեցնեմ ձեզի իմ աղօթքներս ու կը վերանորոգեմ իմ շնորհակալութիւն ''Տիտի Մատլոպա''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.