2016-09-30 13:47:00

Վրաստանի ժողովուրդին սպասումները Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութենէն


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Վրաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան առթիւ, Վատիկանի Ռատիօ կայանի Ռսերէն բաժանմունքի պատասխանատու՝ Հայր Վիքթոր Վլատիմիրով հարցազրոյց կատարեց Թիֆլիսի Օրթոտոքս Պատրիարքութեան կղերի անդամ Տէր Միխայիլի հետ ։

Տէր Միխայիլ  ակնարկելով Եկեղեցւոյ  պատմութեան ընթացքին Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ ստեղծուած աղօթքի ու սուրբ հաղորդութեան միութեան բաժանումին,  միութիւն՝ որ կը  գոյատեւէր   ԺԱ դարէն առաջ եւ որոնք յառաջացուցին  դաւանական գետնի վրայ  զանազանութիւններ ու համոզումներ յայտնեց թէ այս զանազանութիւնները պէտք չէ պատճառ դառնան հաւատացեալներու միջեւ արմատական դիրքորոշումներ առնելու։ Հայր Միխայիլ ապա հաստատեց թէ ''ինք կը հաւատայ թէ սոյն հանդիպումը պիտի լուծէ կարգ մը հարցեր''մատնանշելով թէ մարդիկ յստակօրէն կը տեսնեն թէ մեր միջեւ չկայ թշնամութիւն, ինչպէս այլ հաւատացեալներու միջեւ։

Հայր Միխայիլ հաստատեց ապա՝ թէ կը սպասենք որ այս մէկը ըլլայ դէպի ապագայ առնուած քայլ մը ընդծելով թէ  իրենք  ծիսական արարողութեան ընթացքին, ամէն օր կ՝աղօթեն աշխարհի խաղաղութեան համար, Աստուծոյ սուրբ Եկեղեցիներուն բարօրութեան եւ միութեան համար։

Մեր աղօթքը պիտի շարունակուի մինչեւ այն պահ երբ՝ լուծուին մեր միջեւ կայացած հարցերը եւ մինչեւ որ Աստուծոյ շնորհքով մենք ամբողջութեամբ միացած կ՛ըլլանք Քրիստոսի մէջ։

Զրոյցի աւարտին Տէր Միխայիլ  նկատել տուաւ­ որ     Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը  վճռական քայլ մը պիտի հանդիսանայ երկու եկեղեցիներու մօտեցման եւ  պիտի լուծէ կարգ մը հաւատացեալներու մէջ թաքնուած հիմնական մղումներ ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.