2016-09-30 08:52:00

Իտալիոյ Պազիլիքաթա Մարզի զօրակցութիւնը հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն։


27 սեպտեմբեր 2016-ին, ի շառս իտալական այլ քաղաքական կառոյցներու, Իտալիոյ Պազիլիքաթայի Մարզի տարածաշրջանային խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրեց բանաձեւ մը` հայող հայ ազգի ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, որով իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայ ազգի բոլոր զաւակներուն։

Վերոնշեալ բանաձեւը ներկայացուց Պազիլիքաթայ մարզի վարչական խորհուրդի անդամ` Տիար Աուրելիօ Փաչէ, ընդառաջելով Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի խնդրանքին։

Բանաձեւին մէջ կը նշուի թէ այս պատմական իրականութիւնը ճանչցուած է միջազգային բազմաթիւ  կազմակերպութիւններու կողմէ ու թէ հարկաւոր է որ հասարակաց կարծիքը ծանօթանայ հայ ազգի պատմական այս եղելութեան որպէսզի պատմութեան սոյն ողբերգութիւնը ըլլայ ազդակ` յատկապէս նոր սերունդին համար, չկրկնելու համար նման անմարդկային ոճիրներ։

Նշենք թէ Իտալիոյ Պազիլիքաթա Մարզը կը հանդիսանայ 105-րդ իտալական քաղաքական վարչութիւնը որ ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ընդհանուր ցանկը կարելի է գտնել  http://www.comunitaarmena.it/il-genocidio-armeno/italia-ricorda/  հասցէին վրայ

Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդը, ի լուր  Պազիլիքաթա Մարզի որդեգրած բանաձեւին շնորհակալական նամակ յղեց Մարզի Վարչական Խորհուրդի անդամներուն, անոնց երախտագիտութիւն յայտնելով ճշմարտութեան եւ արդարութեան կողքին իրենց այս դիրքորոշման համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.