2016-09-30 09:44:00

Թրքական PEN-ը կը քննադատէ մտաւորականներուն հալածանքը


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Գրողներու եւ խմբագիրներու միջազգային PEN կազմակերպութեան թրքական մասնաճիւղը ընդվզած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող տարրական իրաւանց ոտնակոխումներուն պատճառով:

Թրքական «Տիքեն» լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ մէջ Յուլիս 15ին տեղի ունեցած յեղաշրջման անյաջող փորձէն ետք ծայր առած լրագրողներու եւ մտաւորականներու մեծաթիւ ձերբակալութիւնները մասնաճիւղին կողմէ «անարդարութիւն» որակուած են։

Կազմակերպութիւնը նաեւ քննադատած է մեծաթիւ ուսուցիչներու եւ դասախօսներու պաշտօնազրկումը՝ զայն բնութագրելով իբրեւ «օրէնքներու, իրաւունքի, արդարութեան եւ խիղճի ոտնահարում»:

«Այս պահուն, մեր երկրին համար մեծագոյն անհրաժեշտութիւնը ոչ թէ քէնն ու վրէժն է, այլ՝ արդարութեան, արդարադատութեան, խաղաղութեան զգացումին վերահաստատումը», յայտարարած է կազմակերպութիւնը:

Թրքական PEN-ը նաեւ յայտարարած է, որ կը կանգնի ձերբակալուած գրողներու, լրագրողներու եւ այլ մտաւորականներու կողքին՝ կոչ ընելով իշխանութիւններուն, որ անյապաղ սրբագրեն իրենց սխալ ընթացքը եւ չնպաստեն աւելի վատ հետեւանքներու յառաջացման:

«Համոզուած ենք, որ այս մէկը կարեւոր է՝ ժողովրդավարութեան աւելի մեծ հարուած չհասցնելու տեսակէտէն», եզրակացուած է յայտարարութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.