2016-09-29 09:36:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպեցաւ Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ


Երեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Միացեալ Նահանգներու ճամբուն վրայ, Ժընեւի օդակայանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ տագնապին գծով ՄԱԿ-ի գլխաւոր բանագնաց Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ:

Միջազգային քաղաքագէտը վեհափառ հայրապետին ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Սուրիոյ վիճակը` վերջին շրջանի զարգացումներուն լոյսին տակ: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Հալէպի կացութեան: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ տարուած միջազգային ճիգերը եւ յոյս յայտնեց, որ այդ բոլորը շուտով կ՛արդիւնաւորուին եւ անդորրութիւն կը հաստատուի Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ ամբողջ շրջանին մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.