2016-09-28 14:43:00

Շիմոն Փերեսի մահուան ի լուր Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Իսրայէլի նախկին նախագահ`  93 ամեայ Շիմոն Փերեսի մահուան ի լուր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Իսրայէլի ներկայ նախագահ` Ռէուվէն Ռիվիլինին յղեց ցաւակցական հեռագիր մը, որուն մէջ յայտնելով իր կսկիծն ու ցաւը Շիմոն Փերեսի մահուան ի լուր, Նախագահին ու համայն Իսրայէլի ժողովուրդին  փոխանցեց իր անկեղծ ցաւակցութիւնները։

Սրբազան Քահանայապետը հեռագիրին մէջ յիշեց Շիմոն Փերեսի այցելութիւնը Վատիկան ու անոր յանձնառումը ի սպաս խաղաղութեան, մաղթելով որ անոր յիշատակը ''ներշնչէ մեզ բոլորս աշխատելու  ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան ու հրատապ խաղաղութեան ի խնդիր'', որպէսզի անոր թողած ժառանգութիւնը յարգուի ու հասարակաց բարիքը` որուն համար ան աշխատեցաւ, վերագտնէ նորանոր արտայայտութիւններ։

Սրբազան Պապը հեռագիրը եզրափակեց ապահովեցնելով իր աղօթքները` բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան Շիմոն Փերեսի մահը ու յատկապէս անոր ընտանիքին, Իսրայէլի վրայ  հայցելով Աստուածային  մխիթարական օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.