2016-09-28 08:02:00

Յովհաննէս Պօղոս Ա. Քահանայապետի մահուան 38-րդ տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Չորեքշաբթի 28 օգոստոսին, կը նշուի աւազանի անունով Ալպինօ Լուչիանի` Յովհաննէս Պօղոս Ա. Քահանայապետի մահուան 38-րդ տարեդարձը։  

Ալպինօ Լուչինաի որ ծնած էր  17 հոկտեմբեր 1912-ին Իտալիոյ  Պելլունօ քաղաքի Քանալէ Տ՛ակորտօ գիւղին մէջ, Քահանայապետ ընտրուած էր  26 օգոստոս 1978-ին, յաջորդելով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ-ին։

Յովհաննէս Պօղոս Ա-ի Քահանայապետութիւնը տեւեց միայն 33 օր։ 1978-ի սեպտեմբեր 28-ի առաւօտեան, անոր մարմինը գտնուեցաւ անշունչ` իր ննջասենեակի անկողինին վրայ։

Ան իր միակ ''Urbi et Orbi'' պատգամին մէջ հաստատած էր թէ Եկեղեցւոյ առաջին պարտականութիւնը կը մնար աւետարանումը ու յորդորած էր յարատեւել համամիութեան ճանապարհի վրայ։

Իր կարճ քահանայապետութեան ընթացքին Յովհաննէս Պօղոս Ա գլխաւորեց չորս հրապարակային ունկնդրութիւններ որոնց ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւններու մէջ խօսեցաւ խոնարհութեան, հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ մասին։ Ան ճանչցուած էր որպէս ''խոնարհ քահանայապետ'', որպէս ''կրօնուսոյց քահանայապետ'' եւ որպէս ''աշխարհի ժողովրդապետ''։  








All the contents on this site are copyrighted ©.