2016-09-27 08:43:00

Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ եկեղեցւոյ ներկայութեան վիճակգրականը


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապի Վրաստան եւ Ազրպէյճան առաքելական ճամբորդութեան առթիւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ վիճակարգութեան կեդրոնը հրապարակեց երկու յիշեալ երկիրներու մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վիճակագրականը ։

31 դետկետեբ 2015-ի տուեալներու համաձայն , Վրաստանի բնակչութիւնը կը հաշուէ 4,506.000, իսկ  կաթողիկէներու թիւն է 112.000 որոնց մեծամասնութիւնը Հայեր են։

Վրատանի եկեղեցական տարածքին մէջ հովուական առաքելութեամբ կը գործեն  երկու  եպիսկոպոսներ, 14 քահանաներ, 14 կղերականներ, 37 կրօնաւորուհիներ եւ 45 կրօնուսոյցներ։  Եկեղեցին կազմակերպուած է իր 32 ժողովրդապետութիւններով եւ զանազան բարեսիրական , առողջապահական եւ դաստիրակչական կառոյցներով։

Իսկ Ազրպէյճանի  բնակչութեան թիւն է 8,600.000 որուն կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւը 5,700 կազմուած արտերկրեայ աշխատաւորներէ։ Ատրպէյճանի հողին վրայ կը գործէ մէկ ժողովրդապետութիւն ուր կը ծառայեն 7 քահանաներ եւ 7 մայրապետներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.