2016-09-27 10:29:00

Մարութայ բարձր Աստուածածին եկեղեցին դարձեալ հասանելի պիտի ըլլայ ուխտաւորներուն


Պատմական Մարութայ լեռն ու ատոր գագաթին գտնուող Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցին այսուհետեւ հասանելի պիտի ըլլան ուխտաւորներուն:

«Էրմենիհապեր» կը տեղեկացնէ, թէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, Պաթմանի նահանգային ղեկավարութիւնը նախաձեռնած է դէպի լեռ տանող 8 քիլոմեթր երկարութեամբ ճամբու կառուցման աշխատանքին, որուն աւարտը նախատեսուած է մէկ ամիսէն:

Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Սասոն (Սասուն) շրջանին մէջ գտնուող Մարութայ լեռը շրջանի բարձրագոյն գագաթն է եւ ունի 2,973 մեթր բարձրութիւն:

Պաթմանի նահանգային խորհուրդի անդամ Եըլմազ Չաքար յոյս յայտնած է, որ նոր ճամբան պիտի նպաստէ այդ շրջանին մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման: Ընդգծելով, որ Մարութայ լեռը հայերուն համար սուրբ լեռ կը նկատուի, Չաքար նշած է, որ այսուհետեւ տեղւոյն հայերը եւ այլ ուխտագնացներ կարելիութիւն պիտի ունենան այցելելու Մարութայ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ինչ որ նախապէս անկարելի էր ճամբու բացակայութեան պատճառով:

Պաթմանի թանգարանի տնօրէն Վեհպի Եուրթ իր կարգին յիշեցուցած է, որ Մարութայ լերան Ս. Աստուածածին եկեղեցին 2013-էն ի վեր յատուկ պահպանութեան տակ առնուած է: Սակայն, ըստ թուրք մասնագէտին, եկեղեցւոյ տարածքին մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին եկեղեցւոյ կառուցման թուականին եւ պատմութեան վերաբերեալ որեւէ գրութիւն չէ յայտնաբերուած:

Յիշեցնենք, որ եկեղեցին Մարութայ Բարձր Աստուածածին անունով կը յիշատակուի «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպին մէջ: Ըստ աւանդութեան, եկեղեցին կառուցուած է Մեծ Մհերի պատուէրով: Անիկա աւերուած է Մսրա Մելիքի կողմէ, իսկ աւելի ուշ Դաւիթը զայն մէկ օրուան ընթացքին վերականգնած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.