2016-09-26 09:40:00

Կարմիր Խաչի աւելի քան 70 բեռնատար մարդասիրական օգնութիւն հասցուցած է Սուրիական քաղաքներ


71 բեռնատար մարդասիրական օգնութիւն հասցուած է սուրիական 4 քաղաք: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, կը հաղորդուի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Twitter-ի էջին միջոցով:

Կը նշուի, որ ընդհանուր առմամբ, մարդասիրական օգնութեան մատակարարման համար կ՝օգտագործուի 71 բեռնատար: Օգնութիւնը նախատեսուած է 60 հազար մարդու համար:

 Աղբիւրին համաձայն՝ կը մատակարարուի սնունդ, դեղորայք եւ մաքրութեան պարագաներ:

Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 19-ին Հալէպ ուղարկուած ՄԱԿ-ի մարդասիրական օգնութեան ինքնաշարժներուն վրայ իրականացած էր յարձակում: Մարդու իրաւունքներու համակարգող սուրիական կեդրոնին համաձայն` զոհուած է օգնութեան մատակարարման գործին ներգրաւուած 12 մարդ:








All the contents on this site are copyrighted ©.