2016-09-26 11:28:00

Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի գաղթականներու բաժանմունքի պատասխանատուներու հանդիպում


(Ռատիօ Վատիկան) 26-էն 27 սեպտեմբեր 2016-ին, Մատրիտի մէջ տեղի կ՝ունենայ Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի գաղթականներու պատասխանատուներու հանդիպումը։

Հանդիպումի  կեդրոնական  նիւթն է՝  քննարկել գաղթականներու ընկերութեան մէջ ներգրաւման հարցը,  յատկապէս հովուական գետնի վրայ։ Պիտի քննարկուին նաեւ  գաղթականներու բնակարաններու փնտռտուքի հարցը, անոնց  զաւակներու դաստիարակութիւնը,  նոր  հասած գաղթականներու  եւ երկար ժամանակէ ի վեր Եւրոպա հաստատուած գաղթականներու միջեւ  յարաբերութիւնները։

26 սեպտեմբերին, հանդիպումի աշխատաքները կը փակուին սուրբ  Պատարագի զոհի արարողութեամբ, որ կը կատարուի ՝՝Լռութեան  Սրբուհի Տիրամօր” եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Մատրիտի թեմի գաղթականներու հովուական բաժանմունքի պատուիրակութեամբ , նախագահութեամբ թեմին արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Քարլոս Օսորօ Սիերրայի։

27 սեպտեմբերին, հանդիպումը կ՝եզրափակուի Սպանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ Կարդինալ Ռիքարտօ Պլազքէզ Փերեզի սուրբ Պատարագի զոհի մատուցմամբ։ Ապա 28 սեպտեմբերին հաղորդագրութեամբ մը լոյս պիտի տեսնեն յիշեալ հանդիպումի աշխատանքներուն  արդիւնքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.