2016-09-24 10:09:00

Քաղդէացիներու Պատրիարքի զեկոյցը եպիսկոպոսներուն տարեկան սիւնհոդոսին։


(Ռատիօ Վատիկան) 22 սեպտեմբեր 2016-ին, Էրպիլ քաղաքի արուարձանները գտնուող Անքավա շրջանին մէջ, որ մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ բնակչութիւն ունի, սկիզբ առաւ Քաղդէացիներու եպիսկոպոսներուն տարեկան  սիւնհոդոսը, որուն բացումը կատարեց Քաղդէացիներուն Ռաֆայել Լուիս Սաքօ պատրիարքը։

Ներկայացուցած զեկոյզին մէջ Քաղդէացիներու Պատրիարքը ընդգծած է Քաղդէական Եկեղեցւոյ խաւար կէտերը ինչպէս նաեւ իմաստալից նշոյլները, որոնք կը պայմանաւորեն ներկայի կացութիւնը, որ յատկանշուած է քաղաքական անկայուն իրավիաճակով, որ տարինէր է ի վեր կը շարունակէ տագնապի մատնել Իրաքի ժողովուրդը։

 Պատրիարքը անդրադարաձած է նաեւ քահանաներու եւ կղերականներու արտագաղթին, որ վերջին տարիներուն արտասահման փոխադրուած են փնտռելու համար կեանքի աւելի ապահով պայմաններ։ Այս ուղղութեամբ Պատրիարքը անհրաժեշտ նկատած է քահանաներուն կազմաւորումը, կարենալ հակազդելու համար անձնական շահերու հետապնդումի վտանգը , որուն պատճառներէն մին է թուային մշակոյթը։

Քաղդէացիներու Պատրիարքը ապա ակնարկած է կարգ մը Ֆինանսական եւ մատակարակական կաշառակերութեան դէպքերու, որոնց մեղսակից եղած են կարգ մը ժողովրդապետութիւններ եւ եկեղեցական հաստատութիւններ։

Ի վերջոյ ան շնորհակալութիւն յայտնած է այն բոլոր ժողովրդապետութիւններուն, որոնք անխոնջ եւ անխտր աշխատանք թափած են՝ օգնելու համար գաղթական ընտանիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.