2016-09-24 12:35:00

Սրբազան Պապի ուղերձը Ողորմութեան Քոյրերուն


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 24 սեպտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը խօսք ուղղեց Հիւանդներու Խնամակալ, Ողորմութեան Քոյրերու միաբանութեան անդամներուն։ Իր ուղերձին մէջ, Սրբազան Պապը նկատեց, թէ ողորմութեան տարին ճշգրիտ կերպով կը համապատասխանէ անոնց կոչումին, զանոնք անուանելով՝ “շօշափելի արտայայտութիւն Հօր ողորմածութեան”։

Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Միաբանութեան հիմնադիր, Աստուծոյ Աղախին՝ Թերեզա Օրսինի Տորիա Փամֆիլի Լանտիի կոչումին, նկատելով թէ, ո´րքան Տիրոջ Խօսքը կրնայ փոխակերպել այն անհատին կեանքը, որ Իրեն կ’աշակերտի։ Հիմնադրուհին, որ ազնուական տիկին մըն էր, թոյլ տուած էր, որ Յիսուսի խօսքը զինք առաջնորդէ՝ “Հիւանդ էի, եւ ինծի այցելութեան եկաք” (հմմտ Մտթ ԻԵ. 36)։ “Հիւանդութեան դիմաց չկան ընկերային կարգավիճակի, ցեղի, լեզուի եւ մշակոյթի տարբերութիւններ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, բոլորս ալ կ’ըլլանք տկար, եւ պէտք է մեր անձը վստահինք ուրիշներուն”։

Եկեղեցին ինքզինք պարտաւոր եւ պատասխանատու կը զգայ՝ մօտ ըլլալու անոնց, որոնք կը տառապին՝ ընձեռելու համար անոնց մխիթարութիւն, հանգստութիւն եւ բարեկամութիւն։ Սրբազան Պապը նկատեց, թէ ա´յս է Եկեղեցւոյ կոչումը, ինչպէս՝ Ողորմութեան Քոյրերուն կոչումը։ Յորդորեց ներկաները, որ անդադրուն կերպով ըլլան բարեկամուհիներ, քոյրեր եւ մայրեր՝ հիւանդներուն համար. մինչ աղօթքը ըլլա´յ այն աւիշը, որ կանգուն կը պահէ անոնց աւետարանումի առաքելութիւնը։ Քոյրերը պէտք է միշտ աչքի առջեւ ունենան Յիսուսի մօտիկութիւնը՝ ամենէն տկարներուն։

Վերջապէս, անդրադառնալով Ողորմութեան Քոյրերու չորրորդ ուխտին, որ միաբանութիւնը կը բնորոշէ իբր ընտանիք, Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ այդ ուխտը յոյժ այժմէական է, նկատի առնելով՝ որ ընտանեզուրկ, տնազուրկ, հայրենիքէ զուրկ անհատներու թիւը միշտ կ’աւելնայ։ Ան ըսաւ՝ “Այս ուխտը հետեւողական կերպով ապրելով, դուք ձեր մէջ կ’ունենաք Քրիստոսի զգացումները, որ “Հարուստ էր, սակայն աղքատացաւ” (հմմտ Բ. Կոր Ը. 9) Խօսքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ հայցեց Ողորմութեան Սուրբ Մօր՝ Աստուածածնի օգնութիւնը քոյրերու առօրեայ ծառայութեան համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.