2016-09-24 12:01:00

Մոսկուան, Ուաշինկթընն ու Փարիզը պատրաստ Են հիւրընկալելու Սարգսեան-Ալիեւ յաջորդ հանդիպումը


ԵԱՀԿ-ի գրասենեակէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները յայտարարութիւն հրապարակած են Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպումներու արդիւնքներուն վերաբերեալ:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Փիեռ Անտրիօ (Ֆրանսա) եւ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ անջատ հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ` շարունակելու համար քննարկումները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ:

«Հանդիպումին ընթացքին մենք յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած ենք Վիեննայի (մայիս 2016) եւ Ս. Փեթերսպուրկի (յունիս 2016) վեհաժողովներուն ընթացքին որդեգրուած որոշումներու գործադրութեան: Մասնաւորաբար, մենք քննարկած ենք հետագայ քայլերը, որոնք կրնան ստեղծել յարմար միջավայր առարկայական բանակցութիւններու յառաջընթացին համար, ինչ որ կրնայ յանգեցնել տագնապի լուծման:

«Մենք միտքեր փոխանակած ենք այն առաջարկներուն շուրջ, որոնք կրնան քննարկուիլ կողմերուն միջեւ:

«Մեր կառավարութիւնները պատրաստ են հիւրընկալելու երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու կամ նախագահներու հանդիպում` անոնց համար ընդունելի ժամանակամիջոցին:

«Մենք կը ծրագրենք մօտիկ ապագային այցելել շրջան»:

Քաղուած Ազդակէն

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.