2016-09-24 14:36:00

Կիրակի 25 Սեպտեմբեր 2016 Տօն Վարագայ Սուրբ Խաչին


Երկնքի մէջ պիտի երեւի նշանը Մարդու Որդիին  (Մատթէոս 24, 30-35)

Յիսուս կ՛ուզէ մեզ զգուշացնել մեր առջեւ պարզելով տեսարանը աշխարհի անհետացումին եւ Աստուծոյ վերջին դատաստանին։ ֆիզիքապէս արդէն աշխարհի ամէն կողմէն գիտնականներ բոլոր ազգերու ուշադրութիւնը կը գրաւեն, որպէսզի աւելի մաքուր պահեն մթնոլորտը եւ հեռացնեն աշխարհի փլուզումին իրականութիւնը, որով այդ ամէն կազերը որ կ՛արտադրուին մանաւանդ բազմամարդ երկիրներու մէջ, կը սպառնան արդէն վատթարացնելու կլիման եւ մեծ աղէտ մը յառաջացնելու աշխարհի վրայ, որ նախասկիզբը պիտի հանդիսանայ վերջնական կործանումին։

Իսկ ի՞նչ է նշանը Մարդու Որդիին. արդեօ՞ք խաչի նշանն է, ինչպէս որ երեւցաւ Կոստանդիանոս կայսեր եւ օգնեց անոր յաղթանակ տանելու իր հակառակորդին, Մաքսենտիոսի վրայ։ Արդեօ՞ք դարձեալ խաչի այդ նշանն է որ երեւցաւ Երուսաղէմի երկնքին մէջ, չորրորդ դարու կէսին, եւ արգելք հանդիսացաւ տաճարի վերանորոգումին, զոր յանձն առած էր Յուլիանոս ուրացող կայսրը։

Հայ Եկեղեցին` Վարագայ սուրբ խաչի այս տօնին առթիւ, կը դնէ այս աւետարանը, ուստի եւ կը հաւատայ որ Մարդու Որդիի նշանը խաչն է։ Արդէն, երբ Հայերս Սուրբ Նշան կ՛ըսենք, կը հասկնանք խաչի նշանը։ Իսկ թէ վերջաւորութեան բոլոր ժողովուրդները պիտի հաւատա՞ն Քրիստոսի եւ պիտի պաշտե՞ն խաչը, կասկածելի կը թուի, ի տես կարգ մը միաստուածեան կրօնքներու տածած ատելութեան եւ անարգանքին խաչին հանդէպ։

            Գալով Վերջին Դատաստանի ծանուցման, անշուշտ Քրիստոսի խօսքերը չենք կրնար տարակոյսի ենթարկել. Ան տեղի պիտի ունենայ, Աստուծոյ որոշած ժամանակին մէջ, որուն ներկայ պիտի ըլլան միլլիարաւոր անձեր, աշխարհի սկիզբէն մինչեւ այսօր ապրած մարդիկ եւ մինչեւ աշխարհի վերջը ապրելիքները. Հոս դարձեալ մենք մեզի կը հարցնենք թէ ինչպէ՞ս եւ ու՞ր այսքան անձեր միասին պիտի կարենան հաւաքուիլ։ Անշուշտ Քրիստոսի խօսքերը կասկածի չենք կրնար ենթարկել, բայց աղս բոլորին մէջէն հարկ է որ քաղենք խորհրդանշական իմաստը իր խօսքերուն։

Մենք հարկ է որ պատրաստ ըլլանք գալիք աղէտները դիմագրաւելու եւ մեր սրտերը հարկ է որ ըլլան մաքուր եւ արժանի դասուելու ընտրեալներուն մէջ։ Ապաշխարութիւնը, որուն արտաքին երեւոյթն է կուրծքի բախումը, որուն մասին կը խօսի Յիսուս այս աւետարանին մէջ, պիտի օգնէ մեզի ճշգրիտ ուղղութիւն մը տալու մեր կեանքին, հրաժարելով այն ամէն ինչէ որ մեր հոգին կը նուաստացնէ եւ կը վնասէ մեր յառաջացումին դէպի մեր երկնաւոր հայրենիքը։

Աւետարանի վերջաւորութեան` Յիսուս կ՛արտայայտուի իր խօսքերուն մասին, որոնք երբեք պիտի չանցնին։ Անոնք յաւիտենական են։ Քրիստոսի խօսքերը գրուած են չորս աւետարաններուն մէջ, անոնք կը բովանդակեն իր պատգամը համայն մարդկութեան ուղղուած։ Հայ ժողովուրդը առաջինը եղաւ որ այդ պատգամին հաւատալով, ազգովին ընդգրկեց քրիստոնէութիւնը։

Ուստի եւ մեզի` հայերուս պարտքն է աւելի ուշադիր ըլլալ իր խօսքերուն, մենք որ այնքան կը պաշտենք խաչը որ տարուան մէջ չորս անգամ զայն կը տօնենք։ Ըլլանք հաւատարիմ մեր Տիրոջ Քրիստոսի այս պատգամին եւ հետեւինք իրեն, մեզի ցոյց տուած ճանապարհէն ընթանալով, այսինքն մեր մեղքերուն համար թողութիւն խնդրելով եւ մեր կեանքի ընթացքը բարուոքելով։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Վրդ Քելեկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.