2016-09-24 12:30:00

Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի կազմակերպման վերաբերող քննարկում


Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան 23 սեպտեմբերին մասնակցած է Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի ընդլայնուած նիստին, զոր վարած է «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան:

Հրանուշ Յակոբեան շնորհաւորած է բոլորը` Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին առիթով եւ դիտել տուած, որ անկախ Հայաստանի կերտման եւ զարգացման առումով իր մեծ ներդրումը բերաւ հայկական սփիւռքը` դառնալով մնայուն ներկայութիւն հայրենիքի մէջ: Ան նաեւ շնորհաւորած է հեռակապով նիստին միացած Իրանի «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանը` թերթին 85-ամեակին առիթով եւ յոբելենական նախաձեռնութիւնները յաւուր պատշաճի կազմակերպելու համար:

Անդրադառնալով Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի կազմակերպման աշխատանքներուն` Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր նկատած է մասնակից լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն արտայայտուելու հաւասար կարելիութեան ընձեռումը:

«Վստահ եմ, որ մեր ընդունած յագեցած օրակարգի քննարկման շրջագիծին մէջ պիտի ներկայանան բազմազան կարծիքներ եւ առաջարկներ: Հայաստան-Արցախ-սփիւռք` 25-ամեայ գործակցութեան հանրագումարներուն եւ հետագայ ընելիքներուն վերաբերող բոլոր հարցերը պիտի լսուին, մէկտեղուին եւ ուղենշուին յառաջիկայ ծրագիրները», յայտնած է ան:

Օրակարգի վրայ եղած են 20-24 հոկտեմբերին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունենալիք Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի ծրագիրի նախագիծի քննարկման, ըստ նիւթերու նիստերու բաշխման, Ստեփանակերտէն հեռակապով մասնակցութեան եւ Արցախէն ուղիղ հեռարձակումներու կարելիութեան վերաբերող հարցեր: Հաստատուած է, որ մինչեւ օրս Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն 90 լրագրողներ եւ  խմբագիրներ պիտի մասնակցին ժողովին:

Նիստին մասնակցած են Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան ամպիոնի վարիչ Նաղաշ Մարտիրոսեան, «Ազգ»-ի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան, «Այգ» ձայնասփիւռի կայանի գլխաւոր խմբագիր Շաքէ Մանկասարեան եւ  նախարարութեան աշխատակիցներ: Հեռակապով նիստին միացած են Քանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, Ռուսիոյ «Նոյեւ կովչեգ» մետիայի տնօրէն Գրիգոր Անիսոնեան, Իրանի «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, Լիբանանի «Խօսնակ» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, Չեխիոյ «Օրեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան, Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան եւ Արցախի Լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան:

Քննարկուած են տեղեկատուական միացեալ համակարգի ստեղծման նախադրեալներուն եւ համապատասխան մեքանիզմներուն, Հայաստանի դիւանագիտական-սփիւռքի հասարակական կազմակերպութիւններու համագործակցութեան ուղիներուն, Հայաստանի պետականաշինութեան աշխատանքներուն մէջ սփիւռքի ներգրաւման միջոցներուն, Հայոց պետականութեան ամրապնդման նպատակով համահայկական ներուժի հաւաքագրման եւ ուղղորդման, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն մէջ սփիւռքի զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք 25-ամեայ գործակցութեան հանրագումարներուն եւ հետագայ աշխատանքներուն վերաբերող հարցերը համաժողովին ներկայացնելու ձեւաչափերը:

Քաղուած Ազդակէն








All the contents on this site are copyrighted ©.