2016-09-23 11:03:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 23 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց. առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ճիաչինթօ Պերլոքօ, Փերույի Թրույիլլոյի արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Հեքթոր Միկել Քապրէոս Վիտարթէ, Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանի Ռէկտոր` Հայր Նունօ Տա Սիլվա  Կոնսալվէս եւ Կարդինալ Խօսէ Սարաիվա Մարթինսը։

Յայտնենք թէ Սրբազան Քահանայապետը շաբաթ 24 սեպտեմբերին, Պօղոս  Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ անցեալ 14 յուլիս 2016-ին Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքի զոհերուն ընտանեկան պարագաներուն։ Հուսկ` կիրակի 25 սեպտեմբերին, Ողորմութեան  արտակարգ Յոբելեանի առթիւ, Նորին Սրբութիւնը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ  կը հանդիսապետէ  սուրբ պատարագի արարողութեան, կրօնուսոյցներու  մասնակցութեամբ, որոնք Հռոմ ժամանած են նշելու համար իրենց ողորմութեան յոբելեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.