2016-09-23 08:09:00

Մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու Յիսուսեան միաբանութեան 36-րդ ընդհանուր ժողովը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 27 սեպտեմբեր 2016-ի կէսօրին, Հռոմի Յիսուսեան Միաբանութեան կեդրոնական մայրավանքին մէջ, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս` ներկայացնելու համար Յիսուսեան Միաբանութեան 36-րդ ընդհանուր ժողովը, որուն բացումը նախատեսուած է յառաջիկայ 2 հոկտեմբեր 2016-ին երեկոյեան 5-ին, Յիսուսեաններու ''Ճեզու – Յիսուս'' եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած համապատարագի արարողութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն  աշխարհի Յիսուսեան միաբանութեան անդամները ներկայացնող 215 միաբանակիցներ։

Վերոնշեալ մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան, Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, Հայր Օրլանտօ Թորրէս,  Հայ Անթոնիօ Մորենօ եւ Հայր Փաթրիք Մուլեմի։

Յայտնենք թէ Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր 36-րդ ժողովին ընթացքին Միաբանութեան ներկայ ընդհանուր մեծաւոր` Հայր Ատոլֆօ Նիքոլաս որոշած է  ներկայացնել իր հրաժարականը, ուստի հարկաւոր պիտի ըլլայ ընտրել նոր ընդհանուր մեծաւոր մը ու միաբանութեան վարչական խորհուրդ։

Այս առընչութեամբ Հայր Նիքոլաս հրատապ նկատած է ընդհանուր նոր մեծաւորի ընտրութիւնը ''տրուած ըլլալով որ, ըսած է ան, իմ մարդկային ուժերս հետզհետէ կը տկարանան եւ Միաբանութիւնը կարիքը ունի նոր կորովի եւ քաջութեան` դիմագրաւելու համար ապագան''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.