2016-09-23 11:05:00

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է հին Հայկական քաղաքներու մասին պատմող նոր գիրք մը


Պոլսահայ «Արաս» հրատարակչութիւնը հրատարակած է Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին պատմական հայկական քաղաքներու մասին թրքերէն նոր գիրք մը:

«Արաս»-ի պաշտօնական կայքին մէջ արդէն հրապարակուած է գիրքին կազմն ու նկարագիրը։ Պատուիրատուները հնարաւորութիւն ունին գիրքը գնելու կայքէն կամ հրատարակչութեան գրասենեակէն:

Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի կազմած եւ Զուլալ Քըլըչի թարգմանած «Պիթլիս եւ Մուշ» անունը կրող նոր գիրքը կը պատմէ ներկայ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Արեւմտահայաստանի քաղաքներու հին հայկական անուանումներուն, պատմութեան եւ աշխարհի հայերուն համար անոնց կարեւորութեան մասին:

Քաղուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.