2016-09-22 12:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 22 սեպտեմբերի քարոզը՝ “չարին բոլոր արմատները մէկ են՝ ունայնութիւնը”


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2016-ին,  Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին , Ֆրանչիկսո Պապ մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ Գրային ընեթրցումը, ուր կը խօսուի Հերովդէս թագաւորի հրամանով Յովհաննէս Մկրտիչի սպաննութեան մասին, խօսեցաւ երկու անձկութիւններուն մասին, մին՝ որ կը յառաջանայ Սուրբ Հոգիէն, միւսը՝ անմաքուր խղճմտանքէն։

՝՝Մեր հոգիին մէջ կարելիութիւնը կայ ունենալու երկու անձկութիւններ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, մին բարի անձկութիւնը որ Սուրբ  Հոգին մեզի կը շնորհէ եւ այնպէս մը կ՝ընէ որ հոգին բարի բաներ կատարէ, եւ կայ գէշ անձկութիւնը, որ կը ծնի անմաքուր  խղճմտանքէն։”

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսեցաւ երկու Հերովդէս թագաւորներու ապրած անձկութիւններուն մասին ըսելով՝ թէ անոնք իրենց  անձկութիւնները  կը լուծէին, սպաննելով եւ քալելով մարդոց դիակներուն վրայէն։    

Ապա շեշտեց, թէ մարդիկ, որ չարիք կը գործեն՝ կեղտոտ խիղճ ունին, եւ անոնք չեն կրնար խաղաղութեան մէջ ապրիլ։ Ան ընգծեց, թէ չարը միշտ ունի միեւնոյն արմատը՝ ընչաքաղցութիւն, սնապարծութիւն ու ամբարտաւանութիւն։ Այս երեքը խիղճին թոյլ  չեն տար խաղաղութեան մէջ ապելրու,  եւ կը մղեն վախի մէջ ապրելու։։

Սրբազան Հայր ապա խօսքը կեդրոնացուց սնապարծութեան վրայ։

Սնապարծութիւնը երկար կեանք չունի, որովետեւ օճառի փրփուրի կը նմանի։ Սնապարծութիւնը կը հիւանդացնէ մարդու հոգին։ Ան մարդու կեանքը կը կեղծէ եւ  հոգին կը հիւանդացնէ

Քարոզի աւարտին Սրաբազան Հայրը հաստատեց թէ մեր ուժականութիւնը, ապահովութիւնը եւ ապաստանարանը կը գտնենք Տիրոջ մէջ, յիշելով Սաղմոսի խօսքը՝ ՝՝Տէր դուն եղար մեր ապաստանարանը սերունդէ սերունդ՝՝ ու Աւետարանէն մէջբերելով Յիսուսի խօսքերը, “Ես եմ ուղին, կեանքը ու ճշմարտութիւնը”։    








All the contents on this site are copyrighted ©.