2016-09-22 10:36:00

Նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ` չորեքշաբթի, 21 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին առիթով Հայաստան եկած սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, վարչապետ Կարէն Կարապետեան, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գէորգեան, նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: Հանրապետութեան նախագահը ողջոյնի խօսք յղած է հանդիպման մասնակիցներուն:

Հանդիպման շրջագիծին մէջ Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին առիթով դրոշմաթուղթերու հրապարակման հանդիսաւոր արարողութիւնը: «25-ամեակ» եւ «Անկախութիւն» գրառումներով դրոշմաթուղթերու հրապարակումը կատարեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումին արտասանած իր խօսքին մէջ նախագահ Սարգսեան ըսաւ. «Պատահական չէ, որ ձեզմէ շատեր իրենց պարտքը նկատած են այս կարեւոր տօնակատարութիւններու օրերուն հայրենիք գտնուիլ: Այս բոլոր անցած տարիներուն ընթացքին Հայաստան աշխարհի բոլոր հատուածներուն մէջ մենք միշտ զգացած ենք սփիւռքի ներկայութիւնը, համերաշխութիւնը եւ աջակցութիւնը: Հայոց պետականութեան վերականգնումը եղած է Հայաստան – սփիւռք եռամիասնութիւնը կամրջող կարեւորագոյն նպատակ:

«Նախորդ 25 տարիներուն ընթացքին չէ եղած որեւէ մարտավարական եւ ռազմավարական խնդիր կամ ծրագիր, որ կարելի չըլլար քննարկել եւ գործադրել այս եռամիասնութեան շրջանակներուն մէջ: Մենք միշտ եղած ենք իրատես եւ յստակ գնահատած ենք մեր կարելիութիւններն ու կարողութիւնները: Անոր շնորհիւ էր, որ միշտ կրցած ենք հասնիլ այն նպատակներու իրականացման, որոնք սահմանուած էին մեր կողմէ:

«Մինչեւ իսկ ամէնէն հպանցիկ անդրադարձը մեր անցած ճամբուն ցոյց կու տայ մեր արձանագրած յառաջընթացը:

Օրինակ, Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու հիմնադրման գործին մէջ մեծ աւանդ ունեցան դեսպանընկալ երկիրներու հայ համայնքները: Անկախութեան վերանուաճումի առաջին տարիներուն տեղի ունեցած վեհաժողովներուն եւ բարձր մակարդակի հանդիպումներուն որեւէ նորանկախ երկիր չէր ներկայանար այնպիսի պատուախնդրութեամբ, ինչպէս որ Հայաստանը կը ներկայանար: Իսկ իր ետին առկայ էր սփիւռքի կառոյցներուն, կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն մեծ եւ շատ դէպքերու պարագային անտեսանելի աշխատանքը: Այդ շունչն ու ոգին զգացած ենք ե՛ւ անկախութեան նախորդած աւերող երկրաշարժի, ե՛ւ անկախութեան հռչակման անմիջապէս յաջորդած արցախեան հերոսամարտի օրերուն: Աշխարհի կարեւորագոյն կեդրոններուն մէջ ներկայացուած ըլլալով` բարեկամներ ունենալու եւ նորանկախ մեր պետութեան ձայնը տեղ հասցնելու հաւանականութիւնը միշտ հպարտութեամբ լեցուցած է մեր սրտերը եւ նախանձով` մեր ոչ բարեկամներունը»:

Յիշելով Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակի ոգեկոչումը` Հանրապետութեան նախագահը դիտել տուաւ, որ Հայաստանի պետութեան եւ սփիւռքի կառոյցներու միացեալ եւ համակարգուած աշխատանքը անգամ մը եւս եկաւ ապացուցելու, որ մենք կրնանք հետապնդել եւ իրականացնել կարեւորագոյն քաղաքական նպատակներ: «Ասիկա եւս վկայութիւն մըն է անոր, թէ ինչ կրնայ ընել մեր հաւաքական ուժը: Այդպիսի վերաբերմունք եւ արդիւնք պահանջող հարցերն ու խնդիրները, վստահ, որ շատ են»:

Հանրապետութեան նախագահը ուրախութեամբ նշեց, որ հանդիպումին մասնակիցները հիւր չեն, այլ տանտէր, որոնք իրենց կեդրոններն ու գրասենեակները ունին Հայաստանի մէջ, ակնառու ներկայութիւն եւ դերակատար են զանազան մարզերու մէջ:

«Շատ կ՛ուզէի, որ այստեղ տեսնէինք բոլոր այն անհատները, խումբերը, կառոյցները, որոնք եղած են մեր եռագոյն հպարտութեան, մեր անկախ Հայաստանի կերտողներն ու այսօր ալ լծուած են` մեր պետութեան ամրապնդման գործին: Կ՛ուզէի տեսնել նաեւ անոնք, որոնց տակաւին նոր պէտք է զգան հայրենիքի խորքային բացայայտման բերկրանքը: Դուք կը ներկայացնէք սփիւռքի հզօրագոյն կառոյցները, բայց ինչպէս յաճախ դուք կը խոստովանիք, նոյնիսկ ձեր ներկայացուցչական կառոյցները չեն ներառեր աշխարհասփիւռ հայութեան ամբողջական ներուժը: Յոյսով, որ նաեւ անոր մասին պիտի ըլլայ այսօրուան մեր խօսակցութիւնը մեր այն հայրենակիցներուն, որոնք կրնան նպաստել այդ նուիրական գործին, յատկապէս` ինչպէս լիարժէքօրէն ներգրաւել երիտասարդ սերունդը», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին Համահայկական հռչակագիրին եւ Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման գաղափարին վերաբերող հարցեր:

Աւարտին նախագահ Սերժ Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը պարգեւատրեց «Տիգրան Մեծ» շքանշանով` նկատի ունենալով անոր անուրանալի դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կայացման եւ ամրապնդման մէջ: Նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին յանձնեց անցեալ տարի հրամանագիրով հաստատուած անոր պարգեւը` «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»: «Վեհափա՛ռ տէր, մենք շատ բարձր կը գնահատենք ձեր անձնական աջակցութիւնը, որ ցուցաբերեցիք հայապահպանման համար, ինչպէս նաեւ մեր աւանդական արժէքներու պահպանման սուրբ պարտականութիւնները: Շատ շնորհակալ ենք եւ արտօնեցէք յանձնել ձեզի ձեր պարգեւը», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:

Քաղուած Ազդակէն








All the contents on this site are copyrighted ©.