2016-09-22 10:49:00

Հանդիսաւոր Վերօծում Ռահւայի Ս. Աստուածածին պատմական եկեղեցւոյ


Երեքշաբթի, 20 Սեպտեմբեր 2016-ի ա­ռաւօտ, հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ Ռահւա գիւղի Ս. Աստուածածին հիմնովին վերանորոգուած եկեղեցւոյ վերօծման արարողութիւնը, ձեռամբ Ատրպատականի Հա­­յոց Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանի:

Եկեղեցական Սրբազան արարողութեան կը մասնակցէին Ուրմիոյ Հոգեւոր հո­վիւ` Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Պասիլեան, կիսասարկաւագաց եւ դպրաց դասերը: Հան­դիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ասորի Քաղդէացի եւ Ասորի Աւե­տա­րանական եկեղեցիներու հոգեւորականներ, որոնք իրենց եկեղեցին ունին Ս. Աստ­ուածածին եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ: Հոգեպարար արարողութեան ներկայ գտ­նուե­ցան Երեփոխանական ժողովի, Ուր­միոյ Թաղականութեան անդամներ, Ռահ­ւայի Հոգա­բարձութեան եւ Տիկնանց Միութեան անդամներ, Ասորի եկեղեցւոյ վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Ռահւա գիւղի հաւա­տացեալներն ու Ուր­միայէն, Գեարդա­բադ գիւղէն եւ Թաւրիզէն ժամանած հայորդիներ:

Առաջնորդ Սրբազանը գիւղ ժամանելով դիմաւորուեցաւ տեղի Հոգաբար­ձութ­եան անդամներուն եւ Ուրմիոյ Թաղականութեան կողմէ: Անմեղ մանուկներու ձե­ռամբ տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց, որմէ ետք Սրբազան Հայրը օրհնեց գիւղի աղն ու հացը: Ապա, եկեղեցւոյ մուտքին, փակ դրան դիմաց ծնրադիր, կատարեց դռնբա­ցէքի խորհրդանշական արարողութիւ­նը, որմէ ետք, «զողորմութեան քո զդուռն բաց» շա­րականի երգեցողութեամբ, հաւատացեալներու բազմութեան հետ միասին մուտք գործեց ներս, սկսելու համար եկեղեցւոյ օծման կարգը:

Ժամը 11.30-ին, եպիսկոպոսական հանդերձանքով, Առաջնորդ Սրբազանը «Հրա­շափառ» շարականի երգեցողութեամբ յառաջացաւ բեմ, օծելու համար խո­րա­նը, որ դարեր առաջ լեռնային միակտոր քարով շինուած էր:

Ապա, Սաղմոսի ողոգոմեան եղանակով երգուած յուզախառն տողերը իբրեւ օծման նախապատրաստութիւն երգուեցան, որոնց աւարտին Սրբազան Հայրը «Առա­քելոյ Աղաւնոյ» շարականի երգեցողութեամբ, երեք անգամ խորանի գագաթին հեղեց Անթիլիասի մէջ օրհնուած սրբալոյս Միւռոնէն, եւ խաչանիշ օծեց զայն: Ապա, չորս սիւնե­րը չորս Աւետարանիչներուն անունով օծելէ ետք, խորանի բեմին ճակատը օ­ծեց, ինչ­պէս նաեւ սրբատունն ու սարկաւագատունը եւ մկրտութեան աւազանը: Ապա, եկեղե­ցւոյ մնացեալ 12 սիւները, Յիսուսի միւս աշակերտներուն, 13-րդ առաքեալ Ս. Պօ­ղո­սին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի անունով օծելէ ետք, Սրբալոյս միւռոնով օծեց նա­եւ եկեղեցւոյ աւագ դուռը: Անուանակոչութեան պահուն, եկեղեցւոյ մէջ կատարուած անդաս­տանով եկեղեցին վերստին կոչուեցաւ Ս. Աստուածածին, այն անունով որով անուանած էին մեր նախնիք սոյն եկեղեցին 17-րդ դարուն: Ապա, լուցուեցան խորանի հինգ աշտանակները, եւ Սրբազան Հօր ձեռամբ վառ­ուած մոմէն, բոլոր հաւատացեալները վառեցին իրենց ուխտի մոմերը, մինչ կ՛երգուէր «Լուսաւորեա՛ Երուսաղէմ» շարականը:

Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին մէջ շեշտեց եկեղեցաշինութեան երեւոյթը, որ Ատրպատականցի հայուն բնորոշ առաքինութիւն է. «Այն դարերուն երբ չկային այսօր­ուան շինարարական գործիքները, մեր հայրերը հաւատքով կառուցեցին մեր թեմի աւելի քան 200 եկեղեցիները: Նոյն հաւատքը մղեց ձեզ, որ վերանորոգէք ձեր հնադարեայ ե­կեղեցին, առաւել ամրապնդելով ձեր հաւատքը: Անոնք որոնք իրենց ձեռքերը խառ­նեցին շաղախին, երկաթի եւ ելեկտարականութեան գործերը կատա­րեցին նուիրաբերելով իրենց ժա­մանակը, բոլորիս գնահատանքին արժանի են: Նաեւ անոնք, որոնք իրենց նիւթական նուիրաբերումով, հեռաւոր երկիրներէն եւ մօտակայ քաղաքներէն օժանդակել էին սոյն վերանորոգութեան աշխատանքին, դարձեալ մեր բոլորի գնահատանքին արժանի են: Եթէ մեր հայրերը այսքա՜ն եկեղեցիներ կտակեր են մեզի, ուրեմն մենք ալ իբրեւ անոնց յետնորդները, պարտաւոր ենք պահպանել այն` ինչ որ ժառանգեր ենք անոնցմէ», ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ իր քարոզի աւարտին իբրեւ իր գնահատանքին շօշափելի ար­տայայտութիւն, յուշանուէր յանձնեց վերա­նորոգութեան ամբողջ ընթացքին կամաւո­րաբար հսկած Համազասպ Մկրտիչեանին: Իսկ Հոգաբարձութեան անունով յուշա­նուէր մը յանձնուեցաւ փայտածածկ տանիքին ամբողջական նորոգութիւնը յանձն ա­ռած Աբրա­համ Եունանփուռին:

Իր քարոզի աւարտին, Սրբազանը Հայրը նաեւ օծեց մէկ զոյգ քշոցներ` վեց­թեւ­եան Սերովբէներու բարձրաքանդակներով, նուիրատուութեամբ Աւետիս Յովակիմեա­նի, ի յիշատակ իր կնոջ` Մարի Յովակիմեանին, եւ եր­կու ձեռաց խաչեր, հայկական զարդանախշերով ձուլուած, նուիրատուութեամբ Էտի Ապուտեանի, որոնք նուիրա­բերուած էին Ուրմ­իոյ ծխական Ս. Ստեփանոս եկեղեցիին:

Վերօծման հանդիսաւոր ու հոգեպարար արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ շրջա­փակին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որու ընթացքին ներկաները ճաշակեցին բո­լոր հանգուցեալ նախահայրերուն եւ եկեղեցին կառուցողներու հոգիին համար պատրաս­տուած մատաղը:

Յայտնենք, թէ` Ռահւայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերջին նորոգութիւնը կա­տարուած էր 1892 թուին, իսկ 2012 թուականէն մինչեւ 2016 տեւած էր այս մաս­նագիտական վերանորոգութիւնը, որուն յիշատակարանը, մարմարի վրայ քանդակ­ուած, զետեղուած էր եկեղեցւոյ մայր դրան ճակատին:








All the contents on this site are copyrighted ©.