2016-09-21 10:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը հիւանդներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 21 սեպտեմբեր 2016-ին, հրապարակային ունկնդրութենէն առաջ, Սրբազան Քահանայապետը` Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ­ հակիրճ հանդիպում ունեցաւ, կլիմայի անկայունութեան պատճառաւ այնտեղ համախմբուած հիւանդներուն հետ ու այս առթիւ անոնց յայտնեց թէ ունկնդրութիւնը կը կայանայ երկու վայրերու մէջ, մէկը հրապարակի վրայ եւ միւսը այստեղ ուր ''աւելի հանգիստ էք''։

''Այս կատարեցինք անձրեւի վտանգին պատճառաւ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով թէ ''եթէ մէկը առողջ է, անձրեւին կը դիմանայ սակայն եթէ վատառողջ է, այս մէկը կարելի չէ։ Դուք կարող էք հետեւիլ ունկնդրութեան պաստառներու միջոցաւ, սակայն ամէնքս միացած են իրարու'' ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը նախ քան անոնց առաքելական օրհնութիւնը շնորհելը ու հրաւիրեց միասին աղօթել` ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքը ապա տուաւ իր օրհնութիւնը ու խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։  








All the contents on this site are copyrighted ©.