2016-09-21 11:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ''Ալզայմեր'' ի համաշխարհային օրուան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 21 սեպտեմբեր 2016-ին, կը նշուի  'Ալցհէյմըր''-ի հիւանդութեան համաշխարհային օրը։ Այս օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, կոչ մը ուղղեց որուն մէջ ըսաւ.

՝՝Այսօր կը նշուի ''Ալզայմեր- Alzheimer'' հիւանդութեան համաշխարհային 23-րդ օրը, որուն նիւթն է  ՝՝Յիշէ զիս՝՝։ Կը հրաւիրեմ բոլոր ներկաները  ''յիշելու'',  Տիրամօր բարեխօսութեամբ եւ ողորմած Յիսուսի քնքշութեամբ, բոլոր անոնք որոնք վարակուած են այս հիւանդութենէն,  ինչպէս նաեւ անոնց ընտանեկան պարագաները, ցուցաբերելու համար մեր  մօտիկութիւնը

ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց աղօթել նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը գտնուին հիւանդներուն մօտ եւ որոնք գիտեն հոգալ ու հասկնալ անոնց կարիքները, նոյնիսկ ամէնէն աննշմարելիները , որովեհտեւ տեսնուած են սիրով լի աչքերով։








All the contents on this site are copyrighted ©.