2016-09-21 11:03:00

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25 ամեակը։


Այսօր,  աշխարհասփիւռ   հայ  ժողովուրդը  կը նշէ Անկախութեան  քսան եւ հինգ տարիները։ 25 տարիներ առաջ` 23  Օգոստոս  1990-ին,  Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը որդեգրեց Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը:

21 Սեպտեմբեր 1991-ին, հայրենի ժողովուրդը, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, հանրաքուէի միջոցով արտայայտեց Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալու եւ անկախութիւնը վերականգնելու իր ընտրանքը:

Անկախութեան հանրաքուէն համազգային վճռակամութեան եւ հաւաքական կամքի արտայայտութիւն էր, ինչպէս նաեւ նոր  պատասխանատուութիւններու մարտահրաւէր:  

Անկախութեան  առաջին  քսան եւ հինգ տարիները եղան դժուար, ստիպուած եղանք դիմագրաւելու տագնապներ ու պատերազմ, արձանագրեցինք նաեւ նուաճումներ, ջանացինք զարգացնել հայաստան - սփիւռք - արցախ կապերը։ Ապրեցանք պատմական օրեր ու ակնատէս եղանք եղելութիւններու որոնք դրոշմուած պիտի մնան մեր մտքերուն մէջ։ 25 տարիներ առաջ համայն հայութեան ջանքերով ծիլ առաւ նոր ընթացք մը, որուն ձգտումը էր ու կը մնայ ազատութիւնը ու ամէն մէկ հայու արժանապատուութեան յարգանքը։

25 տարիներ անկախութենէ ետք տակաւին երկար ճանապարհ ունինք կտրելիք։ Թող այս օրը ըլլայ առիթ` արժեւորելու անցնող տարիներու իրագործումները, քննարկելու բացթողումներն ու անոնց  պատճառները, խորհրդածելու եւ  նոր ուղիներ որոնելու  յանուն պետականութեան եւ  ժողովուրդի   բարօրութեան:

Արժեւորենք մեր ներկան, որպէսզի կերտենք  համայն հայութեան երազներու ապագայ Հայաստանը:

Հայաստանի անկախութեան քսան եւ հինգ տարիներուն առիթով, մեր սրտագին մաղթանքն է, որ հայրենակերտումը  դառնայ համահայկական  համոզում, ու այդ համոզումը դառնայ հիմնաքար  որուն վրայ կերտել փայլուն ապագայ ի սպաս եւ ի խնդիր համայն հայութեան հասարակաց բարիքին։

Անկախութեան օրն է այսօր։ Տօն է ազատութեան։ Տօնն է ամէն մէկ հայ զաւակի, ըլլայ ան Հայաստանցի­, Սփիւռքահայ կամ ղարաբաղցի։ Տօնն է միասնութեան ու համախմբումի։ Տօնն է մեր ազատ ու անկախ Հայաստանի։








All the contents on this site are copyrighted ©.