2016-09-21 15:48:00

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ելոյթը ՄԱԿ-ին մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝48 միլիոն մանուկներ ստիպուած են լքելու իրենց բնակարանները, եւ հազարաւոր գաղթական առանձին մանուկներ ցիր ու ցան եղան ու դարձած են  շահագործողներու թիրախ։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ ՄԱԿ-ի գաղթականներու եւ փախստականներու հարցին շուրջ Նիւ Եորքի մէջ կայացած գագաթնաժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ, ուր ապա  շեշտեց, թէ ՝՝ բոլոր անհատները իրաւունքն ունին իրենց երկիրներուն մէջ  ապրելու  խաղաղութեամբ եւ ապահով վիճակի մէջ՝՝ մինչ այդ դիտել տուաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը  կան միլիոնաւոր անձեր,  որոնք ամէն ինչ կը վտանգեն ու կ՝ապրին թշուառ պայմաններու մէջ՝՝ մինչ այլ հազարաւոր մարդիկ իրենց կեանքը կորսնցուցին խուսափելու համար հակամարտութենէն, բռնութիւններէն, յետին աղքատութենէն, հալածանքներէն ինչպէս նաեւ զանազան  ձեւի խտրականութենէն։

Ի տես այս իրողութեան Կարդինալ Փարոլին կոչ ուղղած է զարգացնելու ՝՝քաղաքական ջանքերը, արմատախիլ ընելու համար ժողովուրդներու տեղահանման պատճառները՝ պատերազմ, բռնութիւն, մարդու իրաւունքներու խախտում, կենսոլորտի ապականում, ծայրայեղ աղքատութիւն, զէնքի վաճառք, կաշառակերութիւն….։ Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը զգուշացուցած է ապա ՝՝անտարբերութեան համաշխարհայնացումի՝՝ երեւոյթէն, հրաւէր ուղղելով պահպանելու ու պաշտպանելու ամէն մէկ մարդ էակի արժանապատուութիւնը։

Կարդինալ Փարոլին հուսկ՝ հաստատած է թէ ՝՝ ժողովուրդներու ու անհատներու միջեւ պատնէշները, երբեք լուծում չեն կրնար ըլլալ, այլ կը յառաջացնեն բախումներ ու լարուածութիւն,  ասոր համար հարկաւոր է գերազանցել բաժանումներն ու վախերը ու գործել ի սպաս աշխարհի մը ուր ժողովուրդները ապրին ազատութեամբ եւ արժանապատուութիւնը։

Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղարը  հաստատած է թէ ՝՝գաղթականութեան հսկայ մարտահրւաէրը կարելի է յայթահարել միայն եթէ աշխատինք համագործակութեամբ՝՝ ու այս առընչութեամբ ան կոչ ուղղած է երկխօսութեան ու համագործակցութեան՝ պետութիւններու ու միջազգային կազմկակերպութիւններու միջեւ, ընդգծելով նաեւ կրօնական հաստատութիւններու ու քրիստոնեայ հասարակութիւններու հիմնական դերը, որոնք ընդհանրապէս առաջիններն են որոնք կը դիմագրաւեն ու կը համապատասխանեն մարդկայնական տագնապներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.