2016-09-20 16:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Ասսիզիի միջ-կրօնական հանդիպումին համամիութենական աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վաիտկան) Ասսիզիի խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի օրուան ծիրէն ներս, Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տաճարին մէջ կայացած համամիութենական աղօթքէն ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  ներկայացուց խաղաղութեան մասին խորհրդածութիւն մը  որուն մէջ ըսաւ.

Խաչեալ Քրիստոսի դիմաց, մեզի համար եւս կ՝արձագանգեն Անոր խօսքերը.՝՝Ծարաւի եմ՝՝։  (Յովհ 19, 28)

՝՝Ծարաւը, անօթութենէն առ աւելի մարդ էակի կարեւորագոյն կարիքն է, ան կը ներկայացնէ նաեւ յետին թշուառութիւնը՝՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հարց տուաւ ՝՝Ի՞նչ բանի ծարաւն ունի  Տէրը՝՝։ Վստահ ջուրին, կեանքի էական տարրը։ Սակայն՝ ամէնէն առաջ սիրոյ, որ ապրելու  ոչ նուազ էական տարր մըն է։ Ան ծարաւն ունի՝  իր սիրոյ ջուրը մեզի տալու, ինչպէս  նաեւ  մեր սէրը ընկալելու ։

Երեմիա Մարգարէն  յայտնեց Աստուծոյ  հաճութիւնը` մեր սիրոյն համար։ Սակայն, ձայն տուաւ նաեւ Աստուծոյ տառապանքին, երբ՝ մարդը,  ապերախտ, սէրը թողուց։ ՝՝թողուց զիս, կ՛ըսէ Տէրը, աղբիւր կենդանի ջուրին,  եւ փորեց ջրամբարներ լի ճեղքերով, որոնք չեն կրնար իրենց մէջ պահպանել ջուրը՝՝։  Ցամքած սրտի ողբերգութիւնն է, որուն սէրը  փոխարինուած չէ, ողբերգութիւն մը,  որ կը  վերանորոգուի Աւետարանին մէջ , երբ՝  Յիսուսի ծարաւին, մարդը կը համապատասխանէ քացախով,  որ վատթարացած գինի է։

՝՝Սէրը սիրուած չէ՝՝ որոշ պատմաբաններու համար այս էր  իրականութիւնը, որ  անձկութիւն կը պատճառէր Սուրբ Ֆրանչիսկոսին։ Այս նոյն իրողութիւնը, պէտք է  խօսի նաեւ մեր սրտերուն, մտաբերելով  Խաչեալ Աստուածը, որ  սիրոյ ծարաւն ունի։

Քալքութայի  Մայր Թերեզան, իր հասարակութեան իւրաքանչիւր մատուռներուն մէջ, խնդրած էր  գրառել ՝՝՝ Ծարաւի եմ՝՝ բառերը։ Եւ այս բառերուն, Մայր Թերեզայի պատասխանը եղաւ, յագեցնել խաչեալ Յիսուսին ծարաւը՝ ծառայելով յետին աղքատներուն։ Արդարեւ՝ Տէրը,  յագեցած է մեր կարեկցութեան սիրով, եւ մխիթարուած է երբ՝ իր անունով կը յենունք ուրիշներուն թշուառութեան վրայ։

Դատաստանին օրը, երանելիներ պիտի կոչէ այն բոլորին, որոնք ջուր տուին ծարաւիներուն, որոնք շօշափելի  սէր շնորհեցին բոլոր կարիքաւորներուն. ՝՝ճշմարիտ կ՝ըսեմ ձեզի, ամէն անգամ որ նման բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն՝ որոնք իմ եղբայրներս են, զայն ինծի ըրիք՝՝։ (Մատթ 25,40)

Յիսուսին այս խօսքերը մեզ կը հարցաքննեն ու պատասխան կ՛ընկալեն ապրելակերպով։

Անոր ՝՝ծարաւի եմ՝՝ խօսքին մէջ, կրնանք լսել տառատպեալներուն ձայնը, փոքրիկ անմեղներուն թաքնուած ճիչը , որոնց  բացառուած է այս աշխարհի լոյսը, կրնանք լսել  աղքատներուն ու խաղաղութեան կարիքաւորներուն աղերսը։ Պատերազմի զոհերը խաղաղութիւն կը հայցեն, խաղաղութիւն կը հայցեն մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք կ՝ապրին ռմբակոծումներու սպառնալիքի տակ եւ ստիպուած են թողուլ իրենց բնակարանները՝ գաղթելու համար դէպի անյայտ վայրեր,  մերկացած իրենց ամէն ինչքերէն։  Այս բոլորը  ծարաւի են։ Սակայն՝ ստէպ, անոնց  կը տրուի՝  ինչպէս Յիսուսի պարագային, լեղի քացախը։

՝՝Ո՞վ մտիկ կ՝ընէ անոնց ։ Ո՞վ կը մտահոգուի անոնց պատասխան մը տալու՝՝ հարց տուաւ Սրբազան Քահանայապետը ու աւելուց, թէ անոնք  շատ անգամներ կը հանդիպին անտարբերութեան խլացուցիչ  լռութեան, անհանգստացած  մարդու անձնասիրութեան,  այն անձին պաղարիւնութեան,­ որ կը մառէ իրենց օգնութեան ճիչը,  այն դիւրինութեամբ, ինչպէս հեռատեսիլի կայանը կը փոխէ։

Խաչեալ Քրիստոսի դիմաց,  մենք քրիստոնեաներս կանչուած են խոկալու չսիրուած սիրոյ խորհուրդին մասին եւ  աշխարհի մէջ տարածելու ողորմածութիւնը։ Խաչին վրայ՝ կեանքի ծառը, չարը` բարիի կերպարանափոխուեցաւ . մենք ալ Խաչեալին առաքեալները, կանչուած ենք ըլլալու կեանքի ծառեր, որոնք կը ծծեն անտարբերութեան ապականութիւնը եւ աշխարհին կը վերադարձնեն սիրոյ թթուածինը։ Խաչին վրայ Քրիստոսի կողէն ջուր ելաւ , խորհրդանիշ՝  կեանք տուող Սուրբ Հոգիին։ Այսպէս մեզմէ՝ Իր հաւատարիմներէն, թող հոսի կարեկցութիւն, այսօրուան բոլոր ծարաւիներուն։

Նման՝ խաչին մօտ Աստուածամօր, Տէրը շնորհէ մեզի, որ միացած ու մօտիկ ըլլանք բոլոր տառապեալներուն, թող որ առ աւելիով աճի մեր մէջ համերաշխութիւնն ու միութիւնը։ Թող Ան մեզ պահպանէ սիրոյ մէջ եւ մեզ համախմբէ միութեան մէջ. որպէսզի դառնանք այն ինչ որ Ինք կը բաղձայ ՝՝Միակ մէկ բան՝՝ (Յովհ 17, 21)      

 

 

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.