2016-09-19 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 19 սեպտեմբերի պաշտօնական հանդիպումները


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 19 սեպտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Արժանթինի երբեմնի նախագահ` Տիար Քարլոս Սաուլ Մենէնը ու անոր ընտանեկան պարագաները ապա հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ ընդունեց Մեծն Պրիթանիոյ նորանշանակ դեսպան` Տիկ Սէլլի Ժէյն Աքսուորթի։

Ժամը 10.30-էն սկսեալ Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց Զբօսաշրջութեան Համաշխարհային կազմակերպութեան մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` գերապայծառ Մաուրիցիօ Պրավի, Մատրիտի վաստակաւոր արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Ռուքօ Վարելա, Մալաիզիայի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ժոզէֆ Մարինօ, Նիքարակուայի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ֆորթունաթուս Նվաչուքվու եւ Մեքսիքոյի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ֆրանքօ Քոփփոլա։








All the contents on this site are copyrighted ©.