2016-09-19 14:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 19 սեպտեմբերի քարոզը ՝՝ Պահպանել հաւատքի լոյսը՝՝


(Ռատիօ Վատիկան)  Երկուշաբթի, 19 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց հաւատքի լոյսին վրայ ու յորդորեց, որ զայն յառաջ տանինք,   զգուշացնելով   կարգ մը վարուելակերպերէն, որոնք կը մթագնեն Աստուծմէ ստացած ճրագը։

՝՝Պահպանել ճրագը կը նշանակէ պահպանել բան մը, զոր տրուած է մեզի որպէս պարգեւ, եւ եթէ մենք լոյսի մէջ  ենք կը նշանակէ . որ  Մկրտութեան օրը ստացած ենք Լոյսի  պարգեւը՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկսո Պապ աւեցնելով , որ Եկեղեցւոյ առաջին դարերուն, ինչպէս նաեւ ներկայ օրերուն,  Արեւելեան կարգ մը եկեղեցիներ  Մկրտութիւն բառը կը կոչեն Լուսաւորում։   

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա զգուշացուց  ստացած  հաւատքի լոյսին խաւարումէն.

՝՝Լոյսը պէտք չէ ծածկել'' ըսաւ Սրբազան Պապը, ''Եթէ դուն լոյսը ծածկես կը դառնաս գաղջ կամ պարզապէս  անունով քրիստոնեայ''։   ՝՝Հաւատքի լոյսը Ճշմարիտ լոյս է , որ Յիսուս մեզի կը շնորհէ Մկրտութեան միջոցաւ'', ''Անիկա արուեստական լոյս մը  չէ, այլ խաղաղ ու մեղմիկ լոյս է որ երբեք չի մառիր։   Սրբազան Հայրը հուսկ յորդորեց միշտ վառ պահել հաւատքի լոյսը եւ  զգուշացուց կարգ մը վարուելակերպերէն 

՝՝Բարիք ընել եւ երբեք չի յետաձգել զայն վաղուայ ։ Երբեք չի դաւաճանել բարեկամի մը կամ մերձաւորի մը   վստահութիւնը'' ան ապա զգուշացուց վիճաբանութիւններէն խրատելով, որ աւելի լաւ է ներել եւ անտեսել շատ մը բաներ որոնք մեզ վիճաբանութեան կը մղեն։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ նաեւ յաճախ մարդիկ վստահութիւն ունին որոշ անձերու վրայ սակայն անոնք այդ վստահութիւնը կը շահագործեն չարիք հասցնելու, եւ այս մէկը  համազօր է Մաֆիական արարքին յայտնեց Սրբազան Պապ ընդգծելով թէ որեւէ  մէկ Մաֆիա  անլոյս է։Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց չի փնտռել վէճի առիթներ ապա չի նախանձիլ բռնարար մարդոցմէ եւ չի զայրանալ անոնց ձեռք բերած յաջողութիւններէն ,  որովհետեւ Տիրոջ բարեկամութիւնը արդարներուն հետ է'' ըսաւ Ան հուսկ յորդորեց ըլլալ Լոյսի զաւակներ եւ պահպանել այդ լոյսը որ մեզի տրուած է Մկրտութեան  օրը։

Թող որ  Սուրբ հոգին, զոր ամէնքս ընդունեցանք Մկրտութեան խորհուրդով, օգնէ մեզի հեռու մնալու այդ գէշ սովորութիւններէն, որոնք լոյսը կը մթագնեն  ու օգնէ յառաջ տանելու  լոյսը,  որ ձրիօրէն ստացանք, այդ  Աստուծոյ լոյսը որ բարիք կը գործէ. լոյսը բարեկամութեան , լոյսը խոնարհութեան,  լոյսը հաւատքի, լոյսը յոյսի եւ լոյսը համբերութեան ու բարիի։  








All the contents on this site are copyrighted ©.