2016-09-19 12:02:00

ՏԱՀԵՇ ստանձնեց Մինիսոթայի մէջ կատարուած դաշունահարման պատասխանատուութիւնը:


«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ 29 անձեր վիրաւորուած են, երբ Նիւ Եորքի մարդաշատ Չելսի շրջանին մէջ շաբաթ ուշ գիշերին տեղի ունեցաւ պայթում մը, որուն ուժգնութեան պատճառով ապակիներ փշրուեցան եւ ձայնը լսելի դարձաւ քանի մը թաղամաս հեռաւորութեան վրայ:

Պայթումին դրդապատճառները կը շարունակեն անծանօթ մնալ: Քաղաքապետ Պիլ տի Պլազիօ զայն նկատեց «դիտաւորեալ», սակայն աւելցուց, որ ահաբեկչութեան հետ կապերու փաստեր գոյութիւն չունին:

Նիւ Եորքի քաղաքացիական պաշտպանութիւնը յայտնեց, որ վիրաւորներէն 24-ը փոխադրուած են հիւանդանոց:

Ոստիկան մը «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց, որ պայթումին թիրախն ու նշանակութիւնը կը մնան անծանօթ, որովհետեւ ականը զետեղուած էր աղբի կողովներու մօտ` պատահական մայթի մը վրայ:

Դէպքին վայրին մէջ յայտնաբերուեցաւ նաեւ այլ սարք մը, որ կազմուած էր ճնշեփէ մը, որ թելերով կապուած էր բջիջային հեռաձայնի մը: Այսպիսի սարք մը օգտագործուած էր 2013-ին` Պոսթընի մարաթոնին ընթացքին, ինչպէս նաեւ 2010-ին` ժիհատականներու կողմէ Նիւ Եորքի Թայմզ հրապարակին վրայ ականահարումի ձախող փորձի մը ընթացքին:

Ծայրայեղ աջակողմեան խմբաւորումներ եւս այսպիսի ականներ պատրաստած են: «Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, որ զանոնք պատրաստելու ցուցմունքները կարելի է ազատօրէն գտնել համացանցին վրայ:

Նիւ Եորքի Մանհաթըն շրջանին մէջ իր գինետուներով եւ ճաշարաններով ծանօթ Չելսին ընդհանրապէս շաբաթավերջերուն խճողուած կ՛ըլլայ:

Միւս կողմէ, ՏԱՀԵՇ ստանձնեց պատասխանատուութիւնը Մինիսոթայի մէջ գտնուող առեւտրական համալիրի մը մէջ դաշոյնով կատարուած յարձակումին:

Նահանգի ոստիկանութիւնը հաղորդած էր, որ 8 անձեր վիրաւորուած են, երբ դաշոյնով զինուած անձ մը յարձակում գործած է Մինիսոթա նահանգի Սէյնթ Քլոտ քաղաքի առեւտրական համալիր այցելած անցորդներու վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.