2016-09-18 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 18 սեպտեմբերի Մարեմեան աղօթքը. Կոչ աղօթելու խախաղութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 18 սեպտեմբեր 2016-ին Սրբազան Քահանայապետը աւանդութեան համաձայն իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեման աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աղօթքէն առաջ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց օրուան աւետարանական հատուածին ուր Յիսուս կը ներկայացնէ կեանքի իրարու հակառակ երկու ապրելակերպեր ու այս մէկը կ՛ընէ պատմելով ''Անիրաւ Տնտեսին'' առակը։

Անիրաւ տնտեսը  ամբաստանուած էր իր Տիրոջ ինչքերը վատնելուն համար ու խորամանկ օրէն կը փորձէ սիրաշահիլ իր Տիրոջ պարտականները, անոնց պարտքերը նուազեցնելով, իրեն ապագան ապահովելու համար։

Տէրը գովելով անիրաւ տնտեսի այս վարուելակերպը կը հաստատէ ''Այս աշխարհի որդիները աւելի ճարպիկ են իրենց նմաններուն հանդէպ քան լոյսի որդիները''։

''Այս աշխարհի խորամանկութեան դիմաց մենք կանչուած ենք համապատասխանելու Քրիստոնէական խորամանկութեամբ, որ է Սուրբ Հոգւոյն պարգեւը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով թէ  ''այս կը նշանակէ հեռանալ աշխարհի արժէքներու հոգիէն, որոնք շատ սիրուած են սատանայէն, ու ապրիլ Աւետարանի համաձայն''։

Աշխարհիկ կեցուածքը կը յայտնուի կաշառակերութեան. Խաբէութեան, ու հարստահարումի միջոցաւ ու կը բնորոշէ սխալ ուղի մը, մեղքի ուղին։ Մինչ Աւետարանի հոգին կը պահանջէ լուրջ ու յանձնառու կեանքի ապրելակերպ, յատկանշուած  պարկեշտութեամբ, ճշգրտութեամբ, ուրիշներու ու անոնց արժանապատուութեան յարգանքով, ու պարտաճանաչութեամբ։

Կեանքի ճանապարհորդութիւնը կը հրաւիրէ ընտրել այդ երկու ուղիներու միջեւ. պարկեշտութեան ու անպարկեշտութեան միջեւ, հաւատարմութեան ու անհաւատարմութեան միջեւ, եսասիրութեան ու եղբայրսիրութեան միջեւ, բարիին ու չարին միջեւ։ Կարելի չէ ''օրօրուիլ'' մէկուն ու միւսին միջեւ. Հարկաւոր է ընտրանք մը կատարել որովհետեւ ''ոչ մէկ ծառայ կրնայ ծառայել երկու տէրերու, որովհետեւ կամ կը սիրէ մէկը եւ կ՛ատէ միւսը ու կամ պիտի կապուի մէկուն եւ արհամարհէ միւսը''։

Յիսուս, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, մեզ կը հրաւիրէ յստակ ընտրանք մը կատարելու` Իր ու աշխարհիկ հոգիին միջեւ։ Երբ մենք ընտրենք աւետարանական տրամաբանութիւնը, մենք կը դառնանք արդարութեան արհեստաւորներ ու մարդոց դիմաց կը բանանք յոյսի հորիզոններ''։ Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը  բարեխօսէ  եւ օգնէ մեզի ընտրելու շիտակ ճամբան ու քաջութիւնը ունենալու հակահոսանք ընդանալ հետեւելու համար Յիսուսին ու անոր Աւետարանին- ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդածութեան աւարտին ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջոյնի խօսք մը ուղղելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն վերյիշեց թէ երէկ Սասսարի նահանգին մէջ երանելի հռչակուեցաւ ընտանիքի մայր Էլիզապեթթա Սաննան, ապա մատնանշեց թէ Ճենովա քաղաքին մէջ այսօր վերջ կը գտնէ Սուրբ Հաղորդութեան ազգային խորհրդաժողովը, հուսկ յիշեցուց թէ յառաջիկայ երեքշաբթի օր Ասսիզիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Միջ կրօնական հանդիպումը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի 30 տարիներ առաջ գլխաւորած առաջին հանդիպումէն ետք ու այս ուղղութեամբ հրաւիրեց աշխարհի բոլոր հաւատացեալները այդ օրը ապրելու որպէս խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի օր մը։

''Սուրբ Ֆրանչիսկոսի օրինակին հետեւելով որ եղաւ եղբայրութեան ու խոնարհութեան մարդ, ամէնքս կանչուած ենք աշխարհին նուիրելու զօրեղ վկայութիւն մը` մեր միասնական յանձնառումին, ի սպաս խաղաղութեան ու ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  բոլոր ներկաներուն մաղթելով Բարի Կիրակի ու ինչպէս միշտ խնդրելով  որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։  








All the contents on this site are copyrighted ©.