2016-09-18 10:41:00

Քահանայապետը Վատիկանի ոստիկաններուն. ''Դուք կը տօնախմբէք ծառայութեան 200 տարիներ''


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, Սեպտեմբեր 18ին, Վատիկանի Ոստիկանութիւնը կը տօնախմբէ իր հաստատութեան 200-ամեակը։Այս առիթով, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ Սրբազան Քահանայապետը  Սուրբ Պատարագ մատոյց, մասնակցութեամբ Վատիկանի Ոստիկանութեան անդամներուն եւ աշխարհի զանազան երկիրներէ, այս առթիւ Վատիկան ժամանած, բազմաթիւ պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներուն։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած  քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ օրուան սուրբ գրային ընթերցումները կը ներկայացնեն երեք տեսակի մարդիկ. Շահագործողը, խաբեբան ու հաւատարիմ մարդը։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ այս երեք անձնաւորութիւններու յատկութիւններուն նշելով թէ շահագործողը այն անձն է որ ամէն գնով կը ձգտի շահի։ Անոր միակ աստուածը դրամն է ու անոր գործելակերպը յատկանշուած է շահագործումով ու խարդախութեամբ, որուն հիմնական թիրախներն են յատկապէս աղքատները։ Խօսելով ապա խաբեբայի մասին Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ ան անհաւատարիմ մարդ մըն է։ Անոր գործելակերպը խաբէութիւնն է։ Ան խորամանկ է սակայն անոր խորամանկութիւնը աշխարհիկ է ու մեղադրելի` որովհետեւ չարիք կը գործէ։  Մինչ երրորդը` հաւատարիմ մարդն է։ Աղօթքի մարդ մը  որ կ՛աղօթէ ուրիշներուն համար ու ապա աղօթքին կը յանձնէ իր դժուարութիւնները, որպէսզի կարենայ ապրիլ խաղաղ կեանք մը, արժանավայել ու նուիրական։ Հաւատարիմ մարդը կարող է գլուխը բարձր ընթանալ։ Եւ այն որ հաւատարիմ է փոքրիկ բաներու մէջ հաւատարիմ է նաեւ մեծ բաներու մէջ - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու մէջբերելով Աւետարանի խօսքերը ըսաւ­. ''Ոչ մէկ ծառայ կրնայ ծառայել երկու տէրերու, որովհետեւ կամ կը սիրէ մէկը եւ կ՛ատէ միւսը ու կամ պիտի կապուի մէկուն եւ արհամարհէ միւսը''։

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց խաբեբան կը սիրէ խաբէութիւնը եւ կ՛ատէ ազնուութիւնը. Խաբեբան դրամասէր է ու սիրէ հարստութիւնները որոնք իրեն համար կուռքեր են, ապա խօսքը ուղղելով ոստիկաններուն ըսաւ ''Դուք այսօր կը տօնախմբէք ծառայութեան 200 տարիներ, խաբէութեան դէմ, խաբեբաներուն դէմ ու շահագործողներուն դէմ։ Ձեր պարտականութիւնն է պաշտպանել ու զարգացնել ազնուութիւնը։ Շնորհակալ եմ ձեզի` ձեր այս կոչումին համար։ Գիտեմ որ շատ անգամ ստիպուած էք պայքարիլ նաեւ անոնց դէմ որոնք ձեզ կ՛ուզեն կաշառել ու հպարտ եմ որովհետեւ դուք գիտէք այդ պարագաներուն պատասխանել. ''ոչ ես այս մէկը չեմ ընէր''։

Շնորհակալ եմ ձեր այս երկու դարերու ծառայութեան համար ու կը յուսամ որ Վատիկանի Պետութեան բոլոր կառոյցները գնահատեն ձեր այս ծառայութիւնը որ չի բաւարարուիր միայն պարտականութիւն մը կատարելով այլ զայն ընելով սիրով, քնքշութեամբ եւ նոյնիսկ կեանքի նուիրումով''։

Թող Տէրը օրհնէ ձեզ. Շնորհակալութիւն ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.