2016-09-18 10:56:00

Քահանայապետական նուիրակներու Յայտարարութիւնը. ''դադրեցնել բռնութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական ներկայացուցիչները, որոնք Հռոմի մէջ համախմբուեցան, Ֆրանչիսկոս Պապին շուրջ, 15 -17 սեպտեմբերին, նշելու համար Ողորմութեան արտակարգ Յոբելեանը,  վճռակամ կոչ կ՛ուղղեն միջազգային հասարակութեան ու բոլոր անոնց որոնք ունին կառավարական պատասխանատուութիւններ, որպէսզի աւելի արդիւնաւէտ կերպով աշխատին` կասեցնելու համար բռնութիւնը ու խաղաղօրէն լուծելու աշխարհի զանազան շրջաններու հակամարտութիւնները։

Զօրակցութիւն կը յայտնեն բոլոր անմեղ զոհերուն ու բոլոր անոնց որոնք հարստահարուած են ու հալածուած իրենց կրօնական հաւատքին համար, ու անոնց համար աղօթք կը բարձրացնեն առ` բոլոր ողորմութիւններուն Հօր։








All the contents on this site are copyrighted ©.