2016-09-18 09:57:00

Ոչ եւս է Տէր Յովհաննէս Արքեպիսկոպոս Չոլաքեան:


Յայտարարութիւն

Արհիապատիւ Տէր Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեան, Վիճակաւոր Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց, խոր ցաւով կը գուժէ դէպի յաւերժութիւն փոխանցումը Թեմիս երկարամեայ եւ վաստակաւոր Վիճակաւոր՝ Տէր Յովհաննէս Արքեպիսկոպոս Չոլաքեանին:

Հանգուցեալ Արքեպիսկոպոսը ծնած է Իսթանպուլ 12 Ապրիլ 1919-ին: Քահանայ կը ձեռնադրուի 1943-ին, Հռոմի մէջ: Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի 5 Մարտ 1967-ին ձեռամբ երջանկայիշատակ կարդինալ Աղաճանեանին: Եկեղեցականի վայել պատրաստ հոգիով դէպի յաւերժութիւն կը փոխանցուի Ուրբաթ 16 Սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամերուն:

Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ 23 Սեպտեմբեր 2016, ժամը 14:30-ին, Թաքսիմի Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ մարմինը պիտի փոխադրուի Շիշլիի հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:

Աղօթքներ թող բարձրանան երջանկայիշատակ Առաջնորդին հոգւոյն համար:  

Իսթանպուլ, 17 Սեպտեմբեր, 2016

Դիւան Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.