2016-09-17 12:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետական նուիրակներու հետ հանդիպումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 17 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց  Քահանայապետական 150 առաքելական նուիրակներու, որոնք Վատիկանի մէջ կը մասնակցին Քահանայապետական ներկայացուցիչներուն տարեկան ընդհանուր հաւաքին։

Այս առթիւ անոնց արտասանած երկարաշունչ ճառին մէջ  Նորին Սրբութիւնը նախ իր խնդակցութիւնը յայտնեց անոնց հետ հանդիպելուն համար ու շնորհակալութիւն յայտնեց կարդինալ Փարոլինին իրեն ուղղած խօսքերուն ապա ներկաներուն ըսաւ ''Բարի Եկած էք Հռոմ։ Զայն ողջագուրելը այս յոբելենական պահուն յատուկ նշանակութիւն մը ունի ձեզի համար։ Այստեղ կը գտնուին արդարեւ ձեր աղբիւրը ու ձեր յիշատակները։ Այստեղ հասաք տակաւին երիտասարդ` Պետրոսին ծառայելու միտումով, ու այստեղ կը վերադառնաք յաճախ Անոր հանդիպելու համար եւ միշտ այստեղէն կը մեկնիք որպէս Անոր նուիրակները, ամենուրէք տանելու համար Անոր պատգամը, Անոր մօտիկութիւնը, Անոր վկայութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տածած աշխատանքին ու առաքելութեան համար ինչպէս նաեւ անոնց նուիրական ծառայութեան համար, ի սպաս եկեղեցւոյ, անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքները։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ իր ճառը ամփոփեց երեք կեդրոնական նիւթերու շուրջ ծառայել զոհողութեամբ որպէս հեզ պատգամաւորներ. Ընկերանալ Եկեղեցիներուն հովուական սրտով. Ապա ընկերանալ այն ժողովուրդներուն ուր ներկայ է Քրիստոսի Եկեղեցին։

Ակնարկելով երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետի խօսքերուն Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց. ''Քահանայապետական ներկայացուցիչի գործունէութիւնը նախ եւ  առաջ թանկարժէք ծառայութիւն է, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու բոլոր տեղւոյն կաթողիկէներուն, որոնք անոր մէջ կը գտնեն նեցուկ եւ պաշտպանութիւնը, որովհետեւ ան կը ներկայացնէ Բարձրագոյն Իշխանութիւն մը որ բոլորին ի շահ կը գործէ։ Անոր առաքելութիւնը չի վերադասեր Եպիսկոպոսի իշխանութեան լիազօրութիւնը, ոչ ալ կը փոխարինէ զայն, այլ կը յարգէ ու աւելիով կը սատարէ ու թիկունք կը կանգնի`  եղբայրական ու համեստ խորհուրդներով''։

''Ձեր առաքելութեան մէջ կանչուած էք ամէն մէկուն տանելու հոգատար սէրն անոր որ կը ներկայացնէք'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նշելով թէ առանց խոնարհութեան ոչ մէկ ծառայութիւն կարելի ու պտղաբեր է։ Ան ապա հաստատեց թէ դիտել, վերլուծել ու փոխանցել հիմնական սակայն ոչ բաւարար բայեր են Նուիրակի մը կեանքին հանմար ու թէ կարիքը կայ նաեւ հանդիպելու, ունկնդրելու, զրուցելու, բաժնեկցելու, միասնական գործ առաջարկելու, արտայայտելով անկեղծ սէր, համակրանք ու կարեկցութիւն, տեղական եկեղեցւոյ ու ժողովրդին։

Սրբազան Պապը ապա ակնարկեց ''խղճերու կազմաւորումի'' կարեւորութեան եւ զգուշացուց գայլի լարած թակարթներէն որ դուրսէն կը յափշտակէ հօտը, կը ձրուէ զայն ու կը կործանէ։ 

''Դուք լաւապէս կը ճանչնաք գայլին յատկութիւնները'' յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ մտաբերելով ապա Արեւելքի քրիստոնեաները որոնց նկատմամբ ''բռնի պաշարումը, կարծես կը մտի, շատերուն լրութեան մեղսակցութեամբ, անոնց ոչնչացումին''։

''Ձեզմէ չի պահանջուիր գառնուկներու միամտութիւնը այլ աղաւնիներու մեծահոգութիւնն ու իմաստուն եւ հաւատարիմ ծառայի խորամանկութիւնն ու խոհեմութիւնը'' ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը թելադրելով լաւագոյն ուժերը օգտագործել Եկեղեցիներու մէջ հնչեցնելու Յիսուսի Երանութիւններուն հզօրութիւնն ու ուրախութիւնը, ինչպէս նաեւ ժամանակ յատկացնել եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կղերին,  ժողովրդապետութիւններուն ու մշակութային եւ ընկերային հաստատութիւններուն, այնպէս որ Առաքելական Նուիրակի նստավայրը դառնայ իսկապէս ''Քահանայապետի Տուն'', ոչ միայն տարեկան աւանդական հաւաքի համար այլ որպէս մնայուն վայր մը ուր բոլոր եկեղեցական կառոյցները կարենան գտնել` աջակցութիւն ու խորհուրդ։

''Եկեղեցին, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, ազատ է միայն երբ անոր հաստատութիւնները կարող կ՛ըլլան ազատօրէն գործել ''ամէնուն հռչակելու համար աւետարանը,  առանց վախի ու առանց յապաղումի'', ու հրաւիրեց Առաքելական Նուիրակները գործելու ի սպաս եկեղեցւոյ այս ազատութեան, հեռու մնալով քաղաքական կամ գաղափարական տեսողութիւններէ ու հիմնուելով միայն Տիրոջ  հաւատարմութեան վրայ։

Նորին Սրբութիւնը ապա թելադրեց ներկաներուն իրենց ծառայութեան տարածքին գտնուած եկեղեցիներուն ընկերանալ Քահանայապետի աչքերով, որ է Քրիստոսի` Բարի Հովիւի հայեացքը, ու այս մէկը գործնականէս կատարել այցելելով տեղական ժողովրդապետութիւնները, եկեղեցիները, նորընծայարանները։

Եղէք դէպի դուրս Եկեղեցւոյ մը արտայայտութիւնը շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը ապա յատուկէն անդրադարձաւ ապագայի եպիսկոպոսներու ընտրանքի ու անոնց կազմաւորումի մասին Նուիրակներու պատասխանատուութեան յանձնելով նաեւ այդ եպիսկոպոսներու ընտրութիւնը` Բարի Հովիւի պատկերին հիման վրայ։

Նորին Սրբութիւնը ճառին վերջին մասը յատկացուց ժողովուրդներու ընկերանալու առաքելական նուիրակներու պարտականութեան, մատնանշելով անոնց դիմաց գտնուող բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն ու հաստատեց թէ Եկեղեցին կանչուած է գործելու համբերութեամբ­, առանց վհատելու նոյնիսկ երբ կը գտնուի յանկարծակի զօրեղ փոթորիկներու լուծին տակ։

Ճշմարտութիւնը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, իր լիութիւնը կը ստանայ միայն ողորմութեան մէջ, ու վստահ եղէք թէ կեանքի ու պատմութեան վերջին բառը` հակամարտութիւնը չէ այլ միութիւնը, որուն կը ձգտի մարդուն սիրտը։

Սիրելի եղբայրակիցներ, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը իր ճարին աւարտին, ձեզ վերստին ուղարկելով ձեզ առաքելութեան, այս եղբայրական օրերէն ետք, իմ եզրափակիչ խօսքս ձեզ կը յանձնէ Աւետարանի ուրախութեան։ Մենք արդարեւ վախի ու գիշերուայ պատգամաւորները չենք այլ պահակներն ենք Յարուցեալի արշալոյսին։          

Աշխարհը վախի մէջ է ու այդ վախը կը տարածէ։ Մենք կարող ենք վախի պատճառները հասկնալ սակայն չենք կրնար զայն ընդգրկել, որովհետեւ Աստուած մեզի ամաչկոտութեան հոգի չի պարգեւեց, այլ` զօրքի, սիրոյ ու նախազգուշացումի հոգի։

Այդ հոգիին դիմեցէք, ապա գացէք` բացէք դռներ, կառուցեցէք կամուրջներ, հիւսեցէք կապեր, ստեղծեցէք բարեկամութիւններ, խթանեցէք միութիւններ, եղէք աղօթքի մարդիկ, մի անտեսէք զայն, նա  մանաւանդ լուռ երկրպագութիւնը` որ է ճշմարիտ աղբիւրը­ ձեր համայն գործունէութեան։

Վախը կը բնակի անցեալի մթութեան մէջ ու ժամանակաւոր է. Ապագան կը պատկանի լոյսին։ Եւ ապագան Քրիստոսինն է - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր ճառը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.