2016-09-17 13:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը Նուիրակներուն. ''Աւետարանը հռչակեցէք ամենուրէք''։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 17 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Սրբազան Քահանայապետը Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատոյց սուրբ պատարագի զոհը որուն մասնակցեցան նաեւ առաքելական նուիրակները։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց ''Դուրս գալ ու Աւետարանը հռչակել աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ'' ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրակներու մատուցած ծառայութեան համար։

Ներշնչուելով հուսկ սերմնացանի առակէն Սրբազան Հայրը ակնարկեց թէ ինչպէս յաճախ առաքելական նուիրակները ստիպուած են փոխել` տեղ, տուն, բարեկամութիւններ, դուրս գալ վայրէ մը ու մեկնիլ դէպի այլ վայրեր ուր ապա հարկաւոր է կատարել նոր ելք մը, դուրս գալ մենք մեզմէ ու ընթանալ դէպի միւսը, ծանօթանալու ու երկխօսութիւն հաստատելու այդ նոր միջավայրին հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզին մէջ  ընդգծեց սերմանելու առաքելութեան յատկութիւնը ''երբ հատիկը կ՛իյնայ պարարտ հողին վրայ կը ծլի'' ու խրախուսեց  ներկաները գործելու ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ, նոյնիսկ դժուարութիւններու ընթացքին, ակնարկելով առաքելական նուիրակներու դիմագրաւած զանազան դժուարութիւններուն, յատկապէս լեզուական գետնի վրայ ու խրատեց միշտ դիմել աղօթքի եւ երկրպագութեան որպէսզի ըսաւ Սրբազան Հայրը ''Տէրը այնպէս ընէ որ սերմը աճի ու ծիլ տայ'' ։

''Եկեղեցին ձեզի շնորհակալ է ես ալ շնորհակալ եմ'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ''թող Աստուած ձեզի պարգեւէ շնորհքը ըլլալու միշտ պատրաստ` դուրս գալու դուք ձեզմէ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.